image

Թրամփի վարչակազմը կը նախատեսէ վերաբանալ Դամասկոսի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը

Թրամփի վարչակազմը կը նախատեսէ վերաբանալ Դամասկոսի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Քոնկրեսին տեղեկացուցած է Դամասկոսի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան աշխատանքը վերսկսելու մտադրութեան մասին, որ փակուած էր 2012-ին քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:

Associated Press-ի տուեալով՝ ներկայացուցչութեան վերաբացման վերաբերեալ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը որդեգրած է փուլային մօտեցում: Նախապատրաստութիւնը պիտի սկսի 15 օրէն, սակայն ամերիկեան անձնակազմի՝ Դամասկոս վերադառնալու ժամկէտները դեռ չեն յստակեցուած:

Նշուած է, որ դեսպանատան վերաբացման հարցով կը զբաղի Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան եւ Սուրիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքը, որ աշխուժօրէն կ՚աշխատի Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան հետ։