«Հայկական աւիուղիներ» օդանաւային ընկերութիւնը ապրիլ 7-էն ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցնէ թռիչքները։ Այս մասին ընկերութիւնը յայտարարութիւն տարածած է։
Նշուած է, որ նման որոշումը պայմանաւորուած է ինքնաթիռային նաւատորմի թարմացմամբ եւ նոր օդանաւերու ձեռքբերմամբ։
«Բոլոր այն ուղեւորներին, որոնք ունեն ամրագրուած կամ ձեռքբերուած տոմսեր ապրիլի 6-ից յետոյ, խնդրում ենք դիմել այն կազմակերպութեանը, որի միջոցով գնել են տոմսը՝ գումարի ամբողջական վերադարձի համար։ Եթէ աւիատոմսը ձեռք էք բերել «Հայկական աւիուղիների» կայքից, ապա խնդրում ենք Ձեր յայտն ուղարկել help@armenianairlines.am ելեկտրոնային փոստի հասցէին՝ կցելով տոմսը եւ թողնելով յետադարձ կապի հեռախօսահամար»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Աւիաընկերութիւնը կը նախատեսէ նոր օդանաւեր ձեռք բերել, որ հնարաւոր ըլլայ նոր ու հետաքրքիր ուղղութիւններ բացայայտել։
Յիշեցնենք, որ ընկերութիւնը թռիչքները ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր նաեւ 2024 թուականի հոկտեմբեր 14-էն մինչեւ դեկտեմբեր 20-ը։ Այդ ժամանակ պատճառն ինքնաթիռներու սպասարկումն էր։
Նշենք, որ «Հայկական աւիաուղիները» կը շահագործէ 2 օդանաւ, որոնցմէ մէկը կը սպասարկէ դէպի Ռուսիոյ քաղաքներ չուերթները, իսկ միւսը՝ վրացական ուղղութիւնը։