image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է Յորդանանի Ապտալլա թագաւորի տարեդարձը

Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է Յորդանանի Ապտալլա թագաւորի տարեդարձը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, տարեդարձի շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր՝ Ապտալլա Երկրորդին: Ինչպէս յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանը եւ Յորդանանը համընդհանուր հետաքրքրութիւններ եւ համագործակցութեան մեծ հեռանկարներ ունին: Վերջին շրջանի հանդիպումներն ու արդիւնաւէտ քննարկումները երկու երկիրներու միջեւ առկայ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման տեսանկիւնէն նոր ուղիներ կը նախանշեն:

Հայաստանի նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ երկկողմանի, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ կառուցողական քննարկումներով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կը կոչուին մօտ ապագային:

Նախագահ Սարգսեան քաջառողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթած է Յորդանանի թագաւորին: