image

Արդեօ՞ք Ռիատ կը պատրաստուի Իսրայէլի հետ բնականոնացման

Արդեօ՞ք Ռիատ կը պատրաստուի Իսրայէլի հետ բնականոնացման

Ռոզըն. «Ինչպէս որ էմիրաթցիները չսպասեցին որ պաղեստինցիները խաղաղութեան պատրաստ ըլլան, չեմ կարծեր, որ սէուտցիները Իսրայէլի հետ խաղաղութիւնը պայմանաւորեն պաղեստինցիներու յառաջընթացով։ Անոնք կը սպասեն իրենց յարմար ժամանակին»։

 

Միացեալ Նահանգներու բոլոր կողմերէն հաւաքուած շուրջ 20 ամերիկացի հրեայ առաջնորդներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելած Է Ռիատ եւ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Թագաւորութեան պաշտօնատար անձերուն հետ, այդ շարքին՝ առնուազն վեց նախարարներ եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:

Առաջնորդները Ռիատ այցելած են սէուտցիներու հրաւէրով եւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին օրհնութեամբ: Այս տեղի ունեցած է ԱՄԷ այցելութենէն ետք, ուր ժամանած էին «Ապրահամի համաձայնութիւններ»ը ամրապնդելու նպատակով։

Ամերիկացի հրեայ գործարար Ֆիլ Ռոզըն ըսած է. «Սէուտցիները իրենց ժողովուրդը կը նախապատրաստեն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Անոնք Իսրայէլի մէջ կը տեսնեն հզօր ուժ եւ կը զգացուին տարածաշրջանին մէջ ինքզինք պաշտպանելու անոր կարողութենէն»: Ան յաւելած է. «Պարզ ըսած, այս Իսրայէլի գրաւչութեան մէկ մասն է սէուտցիներու աչքին, որոնք կը տեսնեն, թէ Իսրայէլ կարող է իրենց պաշտպանել ընդհանուր թշնամիէն՝ Իրանէն: Հետեւաբար, չեմ զարմանար եթէ տեսնենք Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը քանի մը ամսուան կամ քանի մը տարուան ընթացքին»:

Ռոզըն, որ նախապէս եղած է ԱՄՆ-ի մէջ «Լիքուտ»ի բարեկամներ խմբաւորման ղեկավարը եւ կը համարուի ընդդիմադիր առաջնորդ Պենիամին Նեթանիահուի անձնական ընկերը եւ անոր նուիրատուներէն մին, ըսած է, որ «հրեայ առաջնորդներու պատուիրակութիւնը թագաւորական ընդունելութեան արժանացած է, նշելով, որ սէուտցիները «ներքին գործեր ունին իրենց երկրին մէջ՝ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համար հիմքեր նախապատրաստելու առումով, սակայն անոնք շատ քայլերու կը ձեռնարկեն այդ ուղղութեամբ»։ Ան նշած է. «Այս պահէն կան փոքր, բայց կարեւոր հարցեր, ինչպիսիք են Սէուտական Արաբիոյ վրայով Իսրայէլի թռիչքներու հաստատումը դէպի Իսրայէլ եւ հակառակ ուղղութեամբ», եւ շարունակած է՝ ըսելով. «Բանակցութիւններու ժամանակ անոնք մեզի ըսին, որ իրենք եղած են երաշխաւորներու շարքին, որոնք յանգեցուցած են «Ապրահամի համաձայնութիւններ»ուն: Առանց անոնց հաւանութեան եւ նոյնիսկ օրհնութեան, որեւէ արաբական երկիր չէր համաձայներ Իսրայէլի հետ համաձայնագիր ստորագրելու»:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ «սէուտցիները չե՞ն պահանջեր Իսրայէլի հետ կարգաւորման հարցը առնչել պաղեստինցիներու հետ խաղաղութեան կամ բանակցութիւններու բեկումով», Ռոզըն ըսաւ. «Ինչպէս որ էմիրաթցիները չսպասեցին որ պաղեստինցիները խաղաղութեան պատրաստ ըլլան, չեմ կարծեր, որ սէուտցիները Իսրայէլի հետ խաղաղութիւնը պայմանաւորեն պաղեստինցիներու յառաջընթացով։ Անոնք կը սպասեն իրենց յարմար ժամանակին»։

Ռոզընի խօսքով, Սէուտական Արաբիոյ նախարարներէն մէկուն հետ հանդիպման ընթացքին, վերջինս յայտնած է, որ յաջորդ տարի Թագաւորութեան մէջ ֆիլմի փառատօն պիտի կազմակերպուի, եւ նշած, որ «ուրախ կ'ըլլայ իսրայէլեան ֆիլմեր տեսնելու այդ փառատօնին»: Նախարարը յաւելած է. «Բոլորովին դրական կը խօսին Իսրայէլի մասին: Ես նախարարութիւններու մէջ հանդիպեցայ երիտասարդ սէուտցիներու եւ հարցուցի անոնց, թէ ինչի մասին կ'երազեն: Անոնց պատասխանը զարմացուց զիս: Անոնք ըսին, որ իրենց երազանքն է այցելել Թել Աւիւի լողափերը»։

Ռոզընի մօտ այն տպաւորութիւնն է, որ սէուտցիները պատրաստ են յառաջ շարժելու Պայտընի վարչակազմին հետ կամ առանց անոր, ըսելով. «Մենք կը կարծենք, թէ Սէուտական Արաբիա կատրաած մեր այցը ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին խթան պիտի հանդիսանայ՝ շարունակելու աջակցիլ «Ապրահամի համաձայնութիւններ»ու յառաջխաղացման: Այդ կեանքի մէջ մէկ անգամ տրուող հնարաւորութիւն է, եւ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգները շարունակէ օգնել»:

 

Լուրը՝ «Ալ Մայատին»էն: