image

Եգիպտոսի մէջ պիտի շարունակուին Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները

Եգիպտոսի մէջ պիտի շարունակուին Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները

Կազայի հատուածին մէջ պատերազմը աւարտին ուղղուած ամերիկեան ծրագրին վերաբերեալ անուղղակի բանակցութիւնները, որոնք սկսած էին հոկտեմբեր 6-ին Շարմ ալ-Շէյխի մէջ, պիտի շարունակուին նաեւ հոկտեմբեր 7-ին։ Ինչպէս կը հաղորդէ BBC-ն, պաղեստինցի եւ եգիպտացի պաշտօնեաներ յայտնած են, թէ քննարկումներու կեդրոնը «տեղւոյն վրայ համապատասխան պայմաններու ստեղծումն է»՝ իսրայէլցի բոլոր պատանդներու եւ պաղեստինցի շարք մը բանտարկեալներու փոխանակման համար։

Մինչ Եգիպտոսի մէջ հոկտեմբեր 6-ին կը շարունակուէին բանակցութիւնները, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Սպիտակ Տան մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, թէ համաձայնութեան հասնելու «իրօք լաւ կարելիութիւն մը կայ» եւ որ այդ պիտի ըլլայ երկարատեւ համաձայնագիր։

«Համաս»-ը յայտարարած է, որ մասամբ համաձայն է խաղաղութեան ամերիկեան ծրագրի առաջարկներուն, սակայն չէ արձագանգած քանի մը հիմնական պահանջներու, այդ շարքին՝ իր զինաթափման եւ Կազայի կառավարման գործին ապագային որեւէ ձեւով չմասնակցելուն։

Եգիպտոսի եւ Քաթարի պաշտօնեաները պիտի շարունակեն առանձին հանդիպումներ ունենալ Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի պատուիրակութիւններուն հետ։ Բանակցութիւններուն ներկայ են նաեւ ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը, Թրամփի փեսայ Ճարետ Քուշները եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամմետ պըն Ապտուրրահման ալ-Թանին։

Հոկտեմբեր 7-ին կը լրանայ 2023-ին «Համաս»-ի զինեալներու Իսրայէլի դէմ յարձակման երկրորդ տարին։ Այդ յարձակման հետեւանքով սպաննուած էր շուրջ 1200 մարդ, իսկ 251 հոգի գերեվարուած էին։ Իսրայէլեան պատասխան ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Կազայի հատուածին մէջ զոհերու թիւը հասած է 67.160-ի։