image

«Համաս»-ը համաձայն է. Թրամփ կոչ ըրած է Իսրայէլին. Կազայի պատերազմը դէպի աւա՞րտ

«Համաս»-ը համաձայն է. Թրամփ կոչ ըրած է Իսրայէլին. Կազայի  պատերազմը  դէպի աւա՞րտ

Պաղեստինեան «Համաս»-ը պատրաստակամութիւն յայտնած է վերադարձնելու իսրայէլցի բոլոր պատանդները։ Կարճ ժամանակ անց ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Իսրայէլը, պատանդներու ազատ արձակումն ապահովելու համար, պէտք է անյապաղ դադրեցնէ Կազայի հատուածի վրայ յարձակումները։

Թրամփը վերջնագիր ներկայացուցած էր «Համաս»-ին. խումբը մինչեւ կիրակի երեկոյ պէտք է ընդունէր Կազայի հատուածի համար խաղաղութեան անոր ծրագիրը։

Ուրբաթ երեկոյեան «Համաս»-ը ընկերային ցանցերու մէջ յայտարարութիւն տարածած է՝ արտայայտելով իր պատրաստակամութիւնը գոնէ մասամբ իրականացնելու Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հաստատած ծրագիրը։

«Համաս»-ը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատանդներու ազատ արձակման գործընթացի վերաբերեալ անյապաղ բանակցութիւններ սկսիլ միջնորդներու հետ ։

Աւելին, «Համաս»-ը «հաստատած է իր համաձայնութիւնը՝ Կազայի հատուածի կառավարումը փոխանցելու պաղեստինեան անկախ իշխանութեան՝ հիմնուած պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան եւ արաբական ու իսլամական համայնքի աջակցութեան վրայ»։

«Համաս»-ի յայտարարութենէն կարճ ժամանակ անց Թրամփ նոր գրառում հրապարակած է իր ընկերային ցանցի՝ Truth Social-ի մէջ․ «Իսրայէլը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ Կազայի ռմբակոծութիւնը, որ մենք կարողանանք արագ եւ անվտանգ վերադարձնել պատանդները»,-ըսուած է գրառման մէջ։