Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման միջեւ բանակցութիւնները չեն նշանակեր պատերազմի աւարտ եւ Կազայի հատուածի կառավարման մարմնի ստեղծումը որոշ ժամանակ պիտի պահանջէ՝ ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն NBC News-ի մէջ։
«Բոլորը, այդ շարքին՝ Իսրայէլը, համաձայնած են, որ, ի վերջոյ, այդ գործընթացի որոշակի պահուն, Խաղաղութեան խորհուրդի նման միջազգային համախմբման օգնութեամբ, աջակցութեամբ եւ ղեկավարութեամբ, Կազայի հատուածը պիտի կառավարէ պաղեստինեան փորձագէտներէ կազմուած խումբը, որ կապուած չէ «Համաս»-ի հետ, ահաբեկչական չէ»,- հեռուստաընկերութեան ըսած է է Ռուպիոն։
Ան նաեւ ընդգծած է. «Հնարաւոր չէ երեք օրուան ընթացքին Կազայի մէջ ստեղծել կառավարման կառուցուածք, որ կապուած չըլլայ «Համաս»-ի հետ»։