Երէկ Պէյրութի մէջ մահկանացուն կնքած Տիգրան Պէրպէրեան իր վերջին հանգիստը պիտի գտնէ հայրենի հողին մէջ: Արդարութեան մարտիկ եւ LA 5-ի անդամ հերոսին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ Կիրակի օր, յետմիժօրէի ժամը 2:00-ին Կիլիկոյ Կաթողիկոսարանի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ: Պէրպէրեան կտակ մը թողելով` փափաքած է իր վերջին հանգիստը գտնել հայրենի հողին մէջ: Տակաւին կ'անդրադառնանք: