Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած մարդասիրական խնդիրներու, այդ շարքին՝ ցանկացողները Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխելու հարցի շուրջ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչները մշտական կապի մէջ են Լեռնային Ղարաբաղի գործընկերներու հետ։ Այդ մասին «Արմէնփրես»-ի հարցին ի պատասխան յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն։
Ըստ իրադրութեան եւ կախուած Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու, Ատրպէյճանի, խաղաղապահներու միջեւ ընթացող քննարկումներու արդիւնքներէն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ համատեղ կը կայացուին անհրաժեշտ որոշումներ։
ՀՀ կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան տեղահանութեան խնդիր չէ դրած եւ կը կարծէ, որ իրենց տուներուն մէջ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուին, բայց միւս կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու կամ անոնց մէկ մասի մնալն անհնար գնահատուելու պարագային կը կայացուին անհրաժեշտ որոշումներ։
Նման սենարի սպասարկման համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարուին, մշակուած են տարբեր սենարներ։