image

Աւանդական Ընտանեկան երեկոյ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ

Աւանդական Ընտանեկան երեկոյ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ

Օրերս Պոլսահայ Միութեան Մշակութային եւ Տիկնանց Յանձնախումբերուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է աւանդական ընտանեկան երեկոյ մը՝ խնձորի խորհրդանշական թեմային շուրջ, համախմբելով համայնքի անդամներն ու հիւրերը ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ընտանեկան եւ համայնքային հաւաքոյթները պարզապէս ժամանակ անցընելու միջոց չեն, այլ՝ անոնք պահեր են, ուր մարդիկ կը վերագտնեն իրարու հոգին, կը ջերմանան միասնութեան կայծով եւ սերունդներուն կը փոխանցեն անցեալի արմատներն ու ապագայի յոյսը։

Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս երեկոյեան ժամը 7ին, անմոռանալի եւ անկրկնելի ջերմ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային եւ Տիկնանց Յանձնախումբերու կազմակերպած աւանդական ընտանեկան երեկոն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կոկիկ թիւով նուիրեալ հիւրեր։

Այս յաջող ձեռնարկը ամբողջութեամբ կեդրոնացած էր խնձորի խորհրդանշական եւ գեղեցիկ թէմային շուրջ, որ իւրայատուկ, տօնական եւ հարազատ շունչ մը հաղորդեց օրուան բոլոր պահերուն։ Հանդիսութիւնը հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ մշակութային յանձնախումբի ատենապետի՝ Կարպիս Սարաֆեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ անուշ ու բարի ախորժակ մաղթեց բոլորին՝ տրամադրելով դէպի հաճելի հիւրասիրութիւն։

Այնուհետեւ, ընդհանուր ժողովի ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ, հանդէս եկաւ սրտաբուխ խօսքով. ան ներկայացուց յատուկ պատգամ մը, ընդգծելով նման ընտանեկան ու համայնքային հաւաքներու կարեւորութիւնը եւ ողջունելով բոլոր ներկաները։ Ապա հրաւիրեց Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսը որ մեծ հաճոյքով կիսեց ներկաներուն հետ խնձորի թէմային առնչակից խորհրդածութիւններ, բացատրելով թէ ինչպէս ժամանակի ընթացքին փոխուած է խնձորին բնական համն ու որակը, որ ուղղակիօրէն կը զուգորդուի մեր կեանքին փոփոխութիւններուն հետ։ Ան համեմատութիւններ կատարեց հին ու բարի, համերաշխ օրերու պարզութեան եւ մեր օրերու արագնթաց ու բարդ իրողութիւններուն միջեւ՝ արժանանալով հիւրերու մեծ ուշադրութեան ու համակրանքին։

Խօսք առաւ նաեւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենադպրուհի՝ Անահիտ Գոճաեան։

Հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ վայելեցին Տիկնանց յանձնախումբին անդամներուն կողմէ պատրաստուած անուշահամ աղանդերներն ու աւանդական օրման քէպապը։ Ճաշին համն ու հոտը միաձուլուեցան սեղաններու շուրջ տիրող ջերմ զրոյցներուն, որոնց ընթացքին մասնակիցները առիթը ունեցան մտերմանալու, անկեղծօրէն զրուցելու եւ միասին անցընելու մտերմիկ պահեր։

Հիմնական ճաշէն եւ հաճելի զրոյցներէն ետք, ծրագիրը շարունակուեցաւ անակնկալներով ու հետաքրքրաշարժ խաղերով։ Խաղերը ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն, ծիծաղ եւ առողջ մրցակցութիւն, որմէ ետք մասնակիցներուն բաժնուեցան յատուկ նուէրներ։

Երեկոյի աւարտին, մշակութային յանձնախումբի ատենապետը սրտի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնն ու ջանքը բերին այս հիանալի միջոցառման կազմակերպման համար։

Այս ձեռնարկը՝ իր խնձորի իմաստալից թեմայով, գեղեցիկ յիշատակներով եւ ջերմ մթնոլորտով, երկար պիտի մնայ բոլոր մասնակիցներուն սրտին ու յիշողութեան մէջ։