image

Գերմանիոյ ԱԳ նախարարը հասած է Քիեւ.Օրակարգը՝ ձմրան պատրաստութիւններ

Գերմանիոյ ԱԳ նախարարը  հասած է  Քիեւ.Օրակարգը՝  ձմրան պատրաստութիւններ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլը չյայտարարուած այցով ժամանած է Քիեւ։

«Այցի առանցքային թեման յառաջիկայ ձմռան նախապատրաստուիլն է։ Սա կը ներառէ, այդ շարքին՝ ելեկտրական հոսանքի արտադրիչներու, պահեստամասերու եւ այլ սարքաւորումներու տրամադրում, աջակցութիւն ուքրանական ուժանիւթի ոլորտին, ինչպէս նաեւ կենսական ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան միջոցառումներ», յայտնած են Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Նշուած է, որ Վատեֆուլը նաեւ մտադիր է ուքրանական կողմին հետ քննարկել պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացումը։ Գերմանիոյ ԱԳՆ-էն պարզաբանած են, որ խօսքը առաջին հերթին Ուքրանիոյ ռազմական կարողութիւններու ամրապնդման եւ փորձի փոխանակման մասին է։