«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, սակայն վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ։ Այս մասին ապրիլ 18-ին համագումարի ժամանակ յայտնած է կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանը:
Ըստ Մարուքեանի՝ իրենց քաղաքական ուժի գլխաւոր նպատակը ոչ թէ գործադիր իշխանութեան ղեկավարի պաշտօնի համար պայքարն է, այլ նոր ձեւաւորուող օրէնսդիր մարմնի մէջ հաւասարակշռող եւ փոխզսպող դերակատարում ստանձնելը, քանի որ չմասնակցիլը միայն պիտի նպաստէ գործող իշխանութեան վերարտադրման։
«Մենք չենք մտնելու այս վարչապետական թեկնածուների գզուըրտոցի մէջ։ Ժողովուրդ ջան, սա պատգամաւորների ընտրութիւններ է, մի հատ սկզբից որոշէք՝ ինչ ձեւի պատգամաւորներ էք ուզում ունենալ, ովքեր յետոյ կը ձեւաւորեն ձեր իշխանութիւնը»,-ըսած է Մարուքեանը:
Համագումարի ժամանակ կուսակցութիւնը հաստատած է նախընտրական ցուցակը։ Ցուցակի առաջին համարը Էտմոն Մարուքեանն է, անոր կը յաջորդեն Կարպիս Փաշոյեանը, Շուշան Աւագեանը, Գէորգ Գորգիսեանը, Սուրէն Գիւրջինեանը։
Քաղաքական ուժն առանձնայատուկ շեշտադրում կատարած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան վրայ՝ խստօրէն քննադատելով իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի ծրագրային այն դրոյթները, որոնք կ՚ենթադրեն միջամտութիւն եկեղեցւոյ գործերուն։ Ըստ Մարուքեանի՝ ազգային-հոգեւոր հիմնարկներու դէմ արշաւը կը սպառնայ երկրի ինքնիշխանութեան եւ կը խարխլէ պետականութեան հիմքերը։
«Փոխանակ Հայաստանն ասի՝ մենք առաջին քրիստոնեայ երկիրն ենք եւ դիրքաւորուի այդ ճանապարհով, ներսում պայքար է գնում մեր եկեղեցու դէմ, եւ այդ պայքարն ուղղակի հարուածում է պետականութեան ողնաշարին: Եթէ դու չունես մշակութային քո ինքնութիւնն ամրացնող ինքնիշխանութիւն, դու պետական ինքնիշխանութիւնից զրկուելու ես»,- յայտարարած է ան:
Որպէս երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական լարուածութիւնը մեղմելու եւ իշխանութիւնը հակակշռելու մեխանիզմ՝ «Լուսաւոր Հայաստան»ը կ՚առաջարկէ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին առաջադրել հոգեւորական։ Կուսակցութիւնն այս դերի համար նպատակայարմար կը համարէ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի թեկնածութիւնը՝ ակնկալելով, որ այս գաղափարի շուրջ հնարաւոր պիտի ըլլայ ապահովել ընդդիմադիր դաշտի որոշակի համախմբում։
«Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւնը առաջարկում է, որ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը զբաղեցնի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչ՝ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, որպէսզի հեղինակութիւն ունեցող նախագահն ինստիտուտին ուժ տայ, հակակշռի, փոխզսպի եւ երկրում դադարեցուի այս քաոսը»,- նշած է Մարուքեանը։
Անդրադառնալով նախընտրական քարոզարշաւին՝ Մարուքեանը վստահեցուցած է, որ իրենք պիտի հրաժարին ընկերային բնոյթի պոպուլիստական խոստումներու աւանդական մրցավազքէն։ Փոխարէնը, կուսակցութիւնը մտադիր է լայնօրէն կիրառել նոր արհեստագիտութիւններ՝ հանրութեան ներկայացնելու համար ընտրութիւններու իրական, գոյաբանական նշանակութիւնը։