«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը յայտնած է, որ ընտրական ցուցակին մէջ ընդգրկուած այն կուսակցականները, որոնք չեն յայտնուած անցողիկ տեղերու մէջ, խմբային քննարկումներու արդիւնքով կայացուած որոշմամբ իրենց ներուժը պիտի ուղղեն կուսակցաշինութեան աշխատանքներուն։
Յուլիս 8-ին ԿԸՅ-ն տեղեկացուցած է, որ ուժը կորսնցուցած ճանչցուած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի ընտրական ցուցակին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորի թեկնածուներէ 105-ի գրանցումը։ Դիմումներն օրէնքով սահմանուած կարգով նոտարական վաւերացմամբ եղած են։
Դաշինքի հաղոդմամբ՝ այս որոշմամբ նաեւ նպատակ ունին պաշտպանել այն անդամները, որոնք չեն զբաղցներ անցողիկ տեղեր՝ նուազեցնելով անոնց նկատմամբ իշխանութիւններու հնարաւոր նոր ճնշումներու ռիսքերը։