image

«Ռաֆահ»ը պաղեստինցիներու վտարման անցակէտ պիտի չըլլայ. Պատր Ապտելաթի

«Ռաֆահ»ը պաղեստինցիներու վտարման անցակէտ պիտի չըլլայ. Պատր Ապտելաթի

Եգիպտոսի եւ Կազայի հատուածին սահմանը գտնուող «Ռաֆահ» անցակէտը պիտի չըլլայ պաղեստինցիներու վերաբնակեցման սահմանային անցակէտ, յայտարարած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի։

««Ռաֆահ»ը սահմանային անցակէտ է մարդոց Կազայի հատուած մուտք գործելու եւ մարդասիրական ու բժշկական օգնութիւն ներմուծելու համար։ Այն չ'ըլլար պաղեստինցիները իրենց տարածքէն վտարելու անցակէտ։ Ասիկա Եգիպտոսի անսասան դիրքորոշումն է, որ չի փոխուիր»,- ըսած է Ապտելաթին:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը կրկին յայտարարած է, որ պաղեստինցիներու վերաբնակեցման հարցը «կարմիր գիծ» է արաբական երկիրներուն համար՝ նշելով, որ թոյլ պէտք չէ տրուի ոչ մէկ պարագայի: 

Ան դատապարտած է պաղեստինցիներու տեղահանումը, անհեթեթ է որակել փաստը, որ Իսրայէլ այն կը ներկայացնէ որպէս կամաւոր տեղահանութիւն։ Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ Կազայի մէջ նաեւ սովի պայմաններ ստեղծուած են, ինչ որ եւս մէկ պատճառ է պաղեստինցիներու տեղահանումն արդարացնելու համար: Պատր Ապտելաթին յայտնած է, որ զրուցած է Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի հետ եւ քննարկած հրադադարին ուղղուած ջանքերը։ Ան մեղադրած է Իսրայէլը, որ կը շարունակէ չզիջիլ եւ չերթալ այն ​​գործարքին, որուն համաձայնած է պաղեստինեան «Համաս» շարժումը։

Իսրայէլ դեռ որեւէ արձագանգ չէ տուած միջնորդներուն ներկայացուցած՝ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի վերջին առաջարկին, չնայած այն հանգամանքին, որ «Համաս» նախապէս համաձայնած է իրեն համար ընդունելի պայմաններուն։