image

Առանց Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան դժուար պիտի ըլլայ, բայց մենք չենք կրնար կորսնցնել մեր ազատութիւնը. Զելենսքի

Առանց Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան դժուար պիտի ըլլայ, բայց մենք չենք կրնար կորսնցնել մեր ազատութիւնը. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ առանց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օգնութեան Ուքրանիոյ համար դժուար պիտի ըլլայ Ռուսիոյ դիմադրելը, բայց նաեւ շեշտած է, որ իրենք չեն կրնար կորսնցնել իրենց արժէքներն ու ազատութիւնը։ Սպիտակ տան մէջ Զելենսքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ լարուած բանակցութիւններէն յետոյ այս մասին խօսած է Fox News-ին տուած հարցազրոյցին։ 

Հարցազրոյցի ընթացքին Զելենսքիին հարցուցած են՝ արդեօք առանց Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան Ուքրանիան պիտի կարողանայ յաղթել պատերազմը եւ դիմադրել Ռուսիոյ։ 

«Մեզի համար այդ շատ բարդ պիտի ըլլայ։ Անոր համար ալ ես այստեղ եմ։ Այդ իսկ պատճառով ես կը խօսէի սպասուող բանակցութիւններուն մասին։ Առանց ձեր օգնութեան դժուար պիտի ըլլայ։ Բայց մենք չենք կրնար կորսնցնել մեր արժէքները, մեր մարդիկը, մենք չենք կրնար կորսնցնել մեր ազատութիւնը։ Ռուսերը մտած են մեր տարածքներ, մտած են մեր տուներ, անոնք այնքան շատ մարդ սպաննած են։ Պարզապէս մոռնա՞լ եւ ըսել, որ Փութինը հրաշալի տղայ է։ Ոչ, այդ ըրէք առանց մեզի»,- ըսած է Զելենսքին։ 

Ան ընդգծած է, որ ուքրանացիները լաւ կը յիշեն լայնածաւալ ներխուժման սկիզբը եւ չեն ցանկար բռնագրաւումի նոր ալիքի մը հետ բախում ունենալ։ «Անոր համար ես հիմա կը բարձրացնեմ անվտանգութեան երաշխիքներու հարցը։ Մենք ճնշում չենք գործադրեր, պարզապէս կը հարցնենք։ Մենք մեր գործընկերներու, բարեկամներու, ամերիկացիներու հետ յստակ նամակներով կը կիսուինք։ Եթէ մնաք մեզի հետ, շնորհակալ ենք, բայց եկէք ստեղծենք անվտանգութեան երաշխիքներու ենթակառուցուածք»,- աւելցուցած է Ուքրանիոյ նախագահը։ 

Զելենսքի նաեւ ըսած է, որ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած վէճը լաւ չէ կողմերէն որեւէ մէկուն համար։