image

Բրիտանիան պիտի հիւրընկալէ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման հարցով միջազգային դիւանագիտական համաժողովը

Բրիտանիան պիտի հիւրընկալէ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման հարցով միջազգային դիւանագիտական համաժողովը

 

Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարած է, որ Բրիտանիան այս շաբաթ պիտի հիւրընկալէ միջազգային դիւանագիտական համաժողով՝ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման ուղիներու թեմայով։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ն։

Սթարմըր նշած է, որ 35 երկիր ստորագրած է յայտարարութիւն, որով կը պարտաւորուին համատեղ աշխատիլ նաւթի փոխադրութեան հիմնական երթուղիի անվտանգութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ։

Բրիտանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ արտաքին գործոց նախարար Իվեթ Քուփըր պիտի գլխաւորէ այս հարցով համաժողովը։

Սթարմըր նշած է, որ կայունութիւնը վերականգնելու համար անհրաժեշտ է «ռազմական ուժի եւ դիւանագիտական գործունէութեան միասնական ճակատ»։

Ան վերահաստատած է իր աւելի վաղ կատարած յայտարարութիւնը, որ Բրիտանիան պիտի չներքաշուի Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան մէջ։