Հինգշաբթի օր Ինտոնեզիոյ Հիւսիսային Մոլուքեան ծովուն մէջ տեղի ունեցած է 7,6 ուժգնութեամբ երկրաշարժ, որու հետեւանքով մէկ անձ զոհուած է, շինութիւններ վնասուած են եւ առաջացած են ցունամիի ալիքներ։
Ինտոնեզիոյ օդերեւութաբանական գործակալութիւնը յայտնած է, որ հինգ տարբեր վայրերու մէջ արձանագրուած են ցունամիի ալիքներ, որոնցմէ ամենաբարձրը՝ 0,75 մեթր, գրանցուած է Հիւսիսային Սուլաւեսիի Հիւսիսային Մինահասա շրջանին մէջ։ Արձանագրուած է նաեւ շուրջ 50 յետցնցում, որոնցմէ ամենահզօրին ուժգնութիւնը հասած է 5,8-ի։
BMKG-ի ղեկավար Թէուքու Ֆայսալ Ֆաթանի սկիզբը նշած էր, որ մոտելաւորումը ցոյց տուած է 0,5-էն մինչեւ 3 մեթր բարձրութեամբ ցունամիի հնարաւորութիւն, սակայն հինգշաբթի առաւօտեան գործակալութիւնը չեղարկած է ցունամիի նախազգուշացումը։
ԱՄՆ-ի ցունամիի նախազգուշացման մարմիններն նոյնպէս սկիզբը յայտարարած էին Ինտոնեզիոյ, Ֆիլիփիններու եւ Մալեզիոյ ափերուն մօտ վտանգաւոր ցունամիներու հաւանականութեան մասին, բայց աւելի ուշ հանած են վտանգի նախազգուշացումը։
Հիւսիսային Սուլաւեսիի ոստիկանապետի տեղակալ Ավի Սեթիոնօ լրագրողներուն յայտնած է, որ Մանատօ քաղաքին մէջ մէկ անձ զոհուած է՝ տեղական մարզական մարմնի կողմէ գործածուող շէնքի մէկ մասի փլուզման հետեւանքով։