image

Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ամանորի եւ Ս. ծննդեան պատգամը

Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ամանորի եւ Ս. ծննդեան պատգամը

Քրիստոսով Վերանորոգումը Երաշխիք Երկնքի Արքայութեան 

«Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ.Կորնթացիս 5.17)

Արարիչ Աստուծոյ առաջին «Եղիցի Լոյս»ի ջերմութեան հմայքով կ՛ողջունենք ժամանող Ամանորի առաջին լուսաշող առաւօտը եւ Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ ընդառաջ կ՛երթանք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան մեծ տօնին:

Ժամանակի թաւալքը եւ հասկացողութիւնը հաստատող արարչագործ աստեղազարդ տիեզերքը կը պատմէ արարիչ Աստուծոյ փառքը, ինչպէս կը հաստատէ սաղմոսերգու Դաւիթ թագաւոր, իսկ Աստուածաշունչը աստուածային այն յայտնութիւնն է, որ մեզ կը ծանօթացնէ Աստուծոյ, որ տէրն է երկնի եւ երկրի, երեւելեաց եւ աներեւութից: 

Աստուածաշունչը նաեւ մարդ արարածը կը զանազանէ բնութեան նիւթական, բուսական, կենդանական արարածներէն: Մարդ արարածը կը նկատուի արարչութեան պսակը, որ Աստուծոյ պատկերին համաձայն արարուելով, կը յատկանշուի ազատ կամքով, բանական միտքով եւ անմահ հոգիով: Սակայն առաջին մարդը՝ Ադամը, որ կը հանդիսանայ նախահայրը մարդկութեան, իր ազատ կամքով իյնալով մեղքի անդունդը, ինկաւ նաեւ իր աստուածադիր բարձրութենէն եւ մտաւ իր աստուածային բնութեան աղարտումի ու իր կոչման խաթարման ընթացքի մէջ, մինչ իր մեղքը ժառանգ թողեց համայն մարդկութեան: Իրմէ ետք բոլոր դարերու բոլոր մարդերը ծնունդով մեղաւոր համարուեցան, որովհետեւ առաջին մարդը հեռացաւ իր տիրոջմէն, եւ այս պատճառով ալ Ադամ եւ բոլոր մարդիկ դատապարտուեցան յաւիտենական կորստեան: 

Այսուհանդերձ, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ մեզի՝ Աստուած անհուն սէր է եւ ներող Աստուած է. հետեւաբար, աշխարհի ստեղծումէն եւ մինչեւ այսօր, Իր ամենակալ սէրէն մեկնած, Աստուած տնօրինեց, խնամեց, հովուեց ու դաստիարակեց մարդը, իսկ երբ ժամը հասաւ՝ իր միակ որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի աստուածայայտնութեան հանգրուանը իրականանայ, եւ Ինք՝ մարդացեալ Քրիստոսի ճամբով օգնութեան ձեռք երկարէ վերանորոգութեան կարիք ունեցող աշխարհաբնակ մեղաւոր մարդուն, այն նախանձախնդրութեամբ, որ աստուածային պատկերով ստեղծուած մարդը ազատագրուի մեղքի կապանքներէն, վերանորոգուի ամբողջութեամբ եւ վերստին ժառանգէ երկնքի արքայութիւնը, այսինքն՝ վերադառնայ իր նախնական, առաջին բնութեան՝ առ ի իրագործում Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին: 

Այս մասին է, որ կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ՝ ըսելով, որ Աստուածորդին՝ Յիսուս Քրիստոս, մարդացաւ, մարդու կերպարանք առաւ, մօտեցաւ մարդուն, զինք հրաւիրելով վերստին հագնելու այն առաջին պատմուճանը, որով Աստուած զարդարեց զինք: Աստուած չխախտեց իր իսկ ստեղծած մարդուն մէջ ազատ կամքի շնորհքը, ոչ ալ բան մը պարտադրեց անոր, այլ՝ յարգելով մարդկային կամքի ազատութեան իրաւունքը՝ զայն հրաւիրեց վերամարդանալու: Այս է նաեւ Ս. Ծննդեան խորհուրդը, որուն ականջալուր կ՛ըլլայ աշխարհը ահա՛ քսանմէկ դարէ ի վեր: Իսկ Քրիստոսի հետեւորդներս, Իրե՛ն կապուած եւ Իրմո՛վ իրարու կապուած քրիստոնեաներս՝ դարերէ ի վեր եւ մինչեւ այսօր նոյն աւետիսը կու տանք իրարու՝ ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոս»ջ: 

Քրիստոսի միացած մարդուն մասին Բ. Կորնթացիս գիրքի 5րդ գլխուն 17րդ համարին մէջ այս հաստատումը կայ. «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»: 

Եւ այդ նորոգութիւնը, որ մարդ անհատը վերստին պիտի դարձնէ արարչութեան պսակի իր նախկին վիճակին՝ սէրն է: Սէր՝ Աստուծոյ եւ սէր՝ իր նմանին նկատմամբ: Պարզ խօսքով՝ մարդը ինքզինք պիտի վերանորոգէ հեռանալով իր եսէն, եսակեդրոն փառամոլութենէն, անձնասիրութենէն եւ ասոնցմէ յառաջ եկած չարիքներէն, որոնց խորհրդանիշը մարդկային պատմութեան մէջ եղան Ադամի ու Եւայի փառամոլութիւնն ու Կայէնի եսակեդրոն նախանձը առ իր եղբայրը՝ Աբէլ: Հետեւանքները յստակ են. Աստուծոյ ստեղծած դրախտէն զրկուիլ, գործել եղբայրասպան ոճիր: 

Սուրբ Ծնունդի հրաշալի դէպքով աշխարհ եկած Աստուածորդւոյն պատուիրանը մարդուն ուղղուած՝ եղաւ պարզ ու մեկին. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս ուղղութիւնն է, որ Քրիստոս կը բանայ մեր առջեւ, երբ կ՛ըսէ՝ «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»: Քրիստոսով առաջնորդուած այս ճամբով է, որ մարդը վերստին պիտի հանդիպի իր Աստուծոյն, եւ Անոր ներկայութեան վերագտնէ իր նախնական, եդեմական շնորհալի փառքը:

Մէկ խօսքով՝ Աստուածորդին Իր մարդեղացումով վերանորոգեց մարդուն աղարտեալ բնութիւնը, եղաւ նոր Ադամ: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ՝ «Ինչպէս որ մէկ հոգիին յանցանքով բոլոր մարդիկ դատապարտութեան ենթակայ եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիին արդար գործով բոլոր մարդիկ կ՛արդարանան եւ կեանք կ՛ունենան: Որովհետեւ, ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութեամբ բոլորը մեղաւոր եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիին հնազանդութեամբ բոլորը պիտի արդարանան» (Հռոմ 5.8-19):

 Վերջապէս, 

Արարչագործ տիեզերքի արեւը ամէն օր իր լուսաւոր շողերով կը բացայայտէ բնութեան գեղեցկութիւնը: Մարդ արարածն է, որ իր առաջին բնութեան խեղաթիւրումով կը մնայ այդ գեղեցկութեան կատարելութիւնը խանգարողը, մինչ աստուածային յորդառատ սիրոյն արտայայտութիւնը հանդիսացող մարդեղացեալ Աստուածորդւոյն ծնունդը մեղքի ճահիճին մէջ ինկած մարդուն ամէնամեայ կոչ է եւ անդադրում հրաւէր՝ Քրիստոսով ինքզի՛նք վերանորոգելու եւ «առաւել կեանք» ունենալու այնպէս, ինչպէս մեր տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս պատգամեց (Յովհ 10.10):

Այսօրինակ լուսաբաղձ ապրումներով եւ որդիական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք վեհափառ կաթողիկոսը՝ Հայ Առաքելական Մայր Սուրբ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետը: 

Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Արեւմտեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, մեր բոլոր ծխական համայնքները, հովիւներն ու հոգաբարձութիւնները, գործող մարմինները, մեր բոլոր վարժարանները, Խնամակալ մարմինն ու Ուսումնական մարմինները, ուսուցիչ-դաստիարակները, մամլոյ մշակները, ազգային գործիչները, մեր բարեկամներն ու բարերարները եւ մեր ազնիւ ժողովուրդը՝ մաղթելով, որ 2025 տարուան բոլոր օրերը ըլլան խաղաղութեամբ օծուն, աստուածասիրութիւնը տիրէ աշխարհի բոլոր անկիւնները, մարդկութիւնը թեւակոխէ ընկերասիրութեան բարւոք շրջան: 

Եկէ՛ք սիրելիներ, այս նոր տարին սկսինք աւելի՛ ամուր հաւատքով, աւելի՛ զօրացած Քրիստոսով, մարդկօրէն աւելի՛ ազնիւ ու ընկերասէր, որպէսզի ազգովին՝ Հայաստան եւ հայկական գաղութներ, առաւել եւս արժանի ըլլանք Աստուծոյ ողորմածութեան, որպէսզի ազգային, ընտանեկան եւ անհատական մեր կեանքերը լիանան երկնային նոր ու բարեբեր անհամար պարգեւներով: Ամէն: 

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աղօթարար՝

Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայոց Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2025