ՑԱԽԱԼ-ի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ 91-րդ բաժանմունքի ուժերը թիրախային ցամաքային գործողութիւններ սկսած են Լիբանանի հարաւը գտնուող առանցքային թիրախներու դէմ՝ նպատակ ունենալով ընդլայնել պաշտպանութեան առաջնագիծը։
Զինուորականներու հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս գործողութեան շրջածիրէն ներս պիտի ոչնչացուին ահաբեկչական կառոյցներ եւ վնասազերծուին զինեալներ։
Նախքան ցամաքային ուժերու մուտքը, ՑԱԽԱԼ-ը հրետանային եւ օդային հարուածներ պիտի հասցնէ Լիբանանի հարաւը գտնուող թիրախներուն՝ ստորաբաժանումներուն համար անմիջական սպառնալիքները վերացնելու համար։