«Հոս՝ խաղաղ ողոքանք... Հոն՝ լալի՜ւն, հեկեկանք...»
Եւ այսպէ՜ս պատմեց հոգին,
Ահա պահը անորոշ ժամանեց իմ էակին...
Սուգի մռայլը տիրեց անշունչ մարմնոյս անմեկին.
Եւ ի՜նչ տեսնեմ,
Հարազատներս իմ ամբողջ, սգակիրներ բազմաշնորհ,
Օծումներով խնկաբոյր, կ'ողբերգէին բուռն ի բուռն,
Եւ բոլորը իմ առաջ, կրած պատւոյ լանջախաչ՝
Կ'աղօթէին, կ'աղաչէին, կ'արտասուէին իմ վրաս։
Ի՞մ վրաս... Բայց ես՝ ո՜ղջ եմ,
Ահաւասիկ կը տեսնեմ, ու կը լսեմ ամէն բան,
Ունիմ անխառն զգացում, առողջ հոգի, գոյութիւն,
Հոգի, ո՜հ, հոգի...
Անջատ մարմնէս, վտար սրտէս,
Անկախ կամքէս, պապակ երկրէս,
Աներեւոյթ, անլսուելի, շըւար հոգի։
Ու կը տեսնեմ փայլք մը հեռուն,
Այս նոր կեանքիս ողջերթ ճամբուն,
Հուրի նման վառ, եռանդուն։
Ինձ մօտեցան հրեշտակներ, զիս տանելու՝ անվերադարձ.
Հոս իմացայ անգայթօրէն, թէ ո՜վ եմ ես, որ եմ եկած։
Եղո՜ւկ, երբ դեռ ողջ մարմնիս մէջ՝ ես բնա՛ւ
չանդրադարձայ
Որ գաղտագող անգէտ երկրիս, անարգ կեանքին հակ՝
խաբուեցայ։
Ահա պահը հաշուեյարդար, ասդենական դատաստանիս,
Տեսայ գառն Աստուծոյ արդար, բազմած գահին իր
դրախտի,
Տեսայ դռներն իր ոսկեման, հրեշտակի թեւանման,
Կարծես, մէկ նո՜ր կտակարան, անյաղթ ապրում մը
յաւիտեան,
Դռներն նաշխուն արքայութեան,
Դռներն կեանքիս իմ փրկութեան՝
Աքցանուա՛ծ...
Իմ առջեւըս փակ, քարացած,
Եւ ոչ նշոյլ, ոչ յոյս թողած.
Հին կեանքըս էր զայն պատճառած,
Եւ անպատշաճ, զիս դարձուցած։
Եթէ լոկ զայն իմանայի՝ ինչե՜ր, ինչեր ես կ'ընէի,
Դալ սնունդի պէս նորածին՝ անարատ կեանք կը վարէի,
Կ'աղօթէի, կը պաշտէի, տիրոջ խօսքերը կ'ապրէի։
Ահա ատեանն երկիւղալի, ընտրութիւնըս ապագայի...
Զղջում դարձաւ ամբողջովին, էութիւնըս կախ, ծնրադիր,
Եւ իմ համայն կեանքս աշխարհի՝ դէմըս ցցուած, բա՛րկ,
ամեհի,
Նոյնիսկ տառ մը որբ շրթերուս՝ չէր կակազեր ճիչ մը սրտի,
Ոչ ալ միտքըն իմ աչքերուս՝ չէր յանդգներ տիրոջ հայիլ։
Եղո՜ւկ սրտիս, եղուկ մտքիս,
Եղո՜ւկ, անփոյթ, իմ հի՛ն կեանքիս։
ԿԱՅԼԱԿ
(Մայիս 7, 2012)
Կայլակ
«Սէր ու Կրակ» գիրքէն