image
Հրատապ լուրեր:

Հասիչէի մէջ. Ս. եւ անմահ պատարագ՝ Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ տօնին առիթով (Լուսանկարներ)

Հասիչէի մէջ.  Ս. եւ անմահ պատարագ՝ Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ տօնին առիթով (Լուսանկարներ)

Օրերս, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Ս. եւ անմահ պատարագ Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ տօնին առիթով։ Օրուայ Ս. Եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ պատգամը փոխանցեց Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Կիրակի 19 Մայիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ տօնին առիթով։ Օրուայ Ս. Եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ պատգամը փոխանցեց Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը։

Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ օրուայ խորհուրդի մասին եւ յիշեցուց որ այսօր տօնն է Պետեկոստէի այլ խօսքով Սուրբ Հոգւոյ իջման տօնն է աշակերտներուն վրայ Հրեղէն լեզուներու կերպարանքով երբ հաւաքուած էին վերնատունը։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք եւ Հայր Սուրբը Ս. Հոգին խորհրդանշող Ս. Միւռոնը յեղեց ջուրին մէջ ապա օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ ժողովուրդին։ Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբին գործածած Միւռոնաթափ աղաւնին Թէլ-Պրագի եկեղեցւոյ Առաջին միւռոնաթափ աղաւնին է որուն վրայ հետեւեալ յիշատակարանը գրուած է ( Յիշ. տ. Գաբրիէլ Քհ. Տ. Գրիգորեան Այս է մեռուն շիշ եւ 1930 Թէլ-պրագ)։