image
Հրատապ լուրեր:

Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս քննարկում. Թեման Իտլիպն է

Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս քննարկում. Թեման Իտլիպն է

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ին կոչ ուղղած է Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքի հարցը քննարկելու նպատակով արտահերթ նիստ գումարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Ռիապքովի պնդմամբ, օրերս Իտլիպի մէջ «Ալ Նուստա»ի կազմակերպմամբ քիմիական յարձակում պիտի կազմակերպուի, որ պիտի նկարահանուի «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ու կողմէ, որմէ ետք այն որպէս պատրուակ պիտի օգտագործուի Սուրիոյ դէմ ռազմական յարձակում իրագործելու համար:


Ռիապքով յայտնած է նաեւ, որ Ռուսիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վտանգաւոր յարձակումը խափանելու համար, միաժամանակ կոչ ուղղելով ԱՄՆ-ի եւ Գերմանիոյ ճնշում բանեցնել իրենց կողմէ հովանաւորուող ահաբեկչական խմբաւորումներու վրայ, կանխելու համար խոշոր վտանգը: