Յուլիս 9-ին Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցած է նաեւ ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակին նուիրուած՝ ԱՄՆ նախագահի անունով կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Նախարար Միրզոյեան շփումներ ունեցած է ՆԱԹՕ անդամ եւ գործընկեր երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու հետ։
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:
ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ օրակարգի եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակուած են ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։