image

Լաւրով-Ֆիտան քննարկում. Թեման Սուրիան էր 

Լաւրով-Ֆիտան քննարկում. Թեման Սուրիան էր 

Յունուար 31-ին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Հաքան Ֆիտանի միջեւ։

Արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Սուրիոյ եւ ատոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ,  ընդգծած միջազգային ջանքերու համախմբման կարեւորութիւնը Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար՝ հիմնուած երկրի ինքնիշխանութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անվերապահ յարգանքի սկզբունքներու վրայ։

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ երկկողմ օրակարգային շարք մը հարցեր։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է սերտ կապի մէջ մնալ սուրիական խնդիրներու եւ տարածաշրջանային եւ միջազգային այլ հարցերու շուրջ։