image

«Անժելայէն ինչ սորվեցանք».Յատուկ ցուցահանդէս Անժելա Թոսունեանի յիշատակին

«Անժելայէն ինչ սորվեցանք».Յատուկ  ցուցահանդէս Անժելա Թոսունեանի  յիշատակին

Լիբանանահայութիւնը իւրայատուկ   ձեւով մը    ոգեկոչած է  յիշատակը անցեալ սեպտեմբերին իր մահկանացուն  կնքած   Մարիա  Անժելա  Թոսունեանին։

  Արդարեւ Ժըմմէյզիի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է  վաղամեռիկ պատանի տաղանդ Մարիա Անժելա Թոսունեանի գեղանկարներու ցուցադրութիւնը, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան եւ Թոսունեան ընտանիքին: Ցուցահանդէսի ընթացքին ցուցադրուած են  գործերը տակաւին 40 օր առաջ կեանքէն հեռացած արուեստասէր պատանիին: Անոր արուեստի ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանի սրտի խօսքէն ետք, Անժելային հայրը` «Արարատ»    օրաթերթի  խմբագրական կազմի անդամ Վիգէն Թոսունեան, ցուցահանդէսի բացման առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ յուզումնախառն ներկայացուցած է  Անժելային կեանքը` «Անժելայէն ի՞նչ սորվեցանք»  խորագրին տակ: Ան նշած է,  որ Անժելան արուեստը սիրած էր փոքր տարիքէն, հետեւած էր Գրիգոր Արբաճեանի գեղանկարչութեան արհեստանոցին եւ քանի մը տարուան ընթացքին զարգացուցած էր իր տաղանդը:    Թոսունեան նաեւ ըսած էր, որ  Անժելան անդամ էր Նոր  Սերունդի  «ԱՐԵԳ» պարախումբին,   այդպիսով  աւելի  մօտէն   առնչուելովհայկական պարարուեստին  եւ մշակոյթին։

 

Image may contain: 4 people, people smiling

«Ան սակաւախօս էր եւ ինքնամփոփ: Ունէր շատ խորունկ զգացական աշխարհ մը, որու բանալիները իր մօտ էին»  ըսած է  Վիգէն Թոսունեան, նշելով, որ Անժելա ընկերասէր եւ մարդասէր էր, կը սիրէր բնութիւնը եւ կ՚ուզէր, որ իր հետ վարուին փոխադարձ յարգանքով։ «Ան երբեմն կ՚ըմբոստանար կեանքի եւ առողջական դժուարութիւններու դէմ, սակայն շատ քիչ անգամ ցաւ կը յայտնէր: Քաջ էր եւ խրոխտ: Ան մեզի սորվեցուց ըլլալ համեստ ու ներող, չզբաղիլ մանր հարցերով: Մենք այս բոլորը սորվեցանք պատանի Անժելայէն: Ան ուսուցիչ դարձաւ աշխարհի վրայ իր կարճ կեանքի ընթացքին» եզրափակեց Թոսունեան: Աւարտին  ան  շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներուն եւ ընտանիքին, դժուար օրերուն նեցուկ կանգնողներուն:

Վիգէն Թոսունեան նաեւ նշեց, որ ընտանիքը Անժելային անունով պիտի հաստատէ ֆոնտ մը, որուն միջոցաւ պիտի օժանդակէ արուեստասէր պատանիներու, որոնք ունին տաղանդ, սակայն չունին նիւթական կարողութիւն իրենց ձիրքը զարգացնելու համար: