image
Հրատապ լուրեր:

Անյետաձգելին. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Անյետաձգելին. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ ընդհանրապէս միջազգային քաոսային վիճակին մէջ կարելի չէ ուրիշ բանի մասին մտածել: Իւրաքանչիւր երկիր իր գլուխը փրկելու ճիգին մէջ է: Տակնուվրայութեան եւ իրարանցումին դիմաց ինչպէ՞ս կարելի է հայրենիք փրկել, հայրենիքը ինքնիշխան եւ անձեռնմխելի դարձնել:

Միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ փաստօրէն անզօր են եւ ապարդիւն: Փաստը` Արցախի պարպումը, փաստը` Կազայի ջարդերը, փաստը` Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնը:

Դժբախտաբար ուժը, արհեստագիտութիւնը եւ հզօր տնտեսութիւնը կը գերիշխեն բոլոր իրաւունքներու, ժողովուրդներու արդարութեան, հողերու պաշտպանութեան օրակարգերուն:

Այսօր իւրաքանչիւր ազգ, հայրենիք, երկիր, եթէ ինքնիրեն չկարենայ պահել, այս վիճակէն կ՛օգտուին հզօրները:

Այս վիճակէն եւ իրականութիւններէն մեկնած` ի՞նչ կը սպասուի մեզմէ: Մեզմէ սպասուող միակ քայլը ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ-ն է:

Այսօր երկրորդական, երրորդական նիւթերով զիրար նսեմացնելու, վիրաւորելու, վարկաբեկելու օրերը չեն: Այսօր ամբողջ հայրենիք մը վտանգուած է: Իշխանութիւնները մնայուն չեն: Պետութեան, հայրենիքի տոկունութեան համար պէտք է համախմբուինք:

Սփիւռք-Հայաստան, Հայաստան-սփիւռք կապերու հզօրացումը, ամրապնդումը եւ տեսլականի մեկտեղումը անհրաժեշտ են:

Եթէ այսօր իսկ չհամախմբուինք, վաղը արդէն ուշ կ՛ըլլայ: Մեր բաժանումները միայն հայրենիքի թշնամիներուն ի նպաստ են: Համախմբումը մեր միակ ճամբան է: Ուշ չէ: Ո՛չ հայրենիքը առանձին, ո՛չ ալ սփիւռքը առանց հայրենիքի ապրելու կամքը կայ: Ընդհակառակն, համախմբուած աշխատանքով այսօրուան փոթորիկէն անվնաս դուրս գալու հաւատք ու կամք պէտք է: Այս մէկը կ՛ըլլայ միայն անանձնական եւ անշահախնդիր մօտեցումի մեկնարկով:

Դարձեալ կը կրկնեմ: Հայրենիքը այսօրուան փոթորիկէն փրկելու պարտականութիւնը բոլորիս գործն է անկասկած, եւ այդ մէկը միայն համախմբումով կը հաստատենք:

 



Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»