image

Աննման հայուհին. Ի յիշատակ Արսինէ Օշականի

Աննման հայուհին. Ի յիշատակ Արսինէ Օշականի

Դոկտ. Արսինէ Օշական` արժանավայել եւ բազմավաստակ դաստիարակը, ուսուցիչը, ղեկավարը եւ վաստակաշատ վարչական խորհրդատուն, աւա՜ղ, շատ շուտ առյաւէտ հեռացաւ մեզմէ 28 ապրիլ 2022-ին Ֆիլատելֆիոյ մէջ` քաջաբար քաղցկեղին դէմ պայքարելէ ետք:

Արսինէ Ռուստիկեան ծնած էր 1 ապրիլ 1942-ին, զաւակն էր Յակոբ եւ Սթելլա Սաջաքեան-Ռուստիկեաններուն, ունէր քոյր մը` Ճեքի, եւ եղբայր մը` Ճորճ: Ան հասակ կը նետէ ընտանեկան տաքուկ ու ջերմ յարկի տակ, Հարթֆորտի մէջ եւ կ՛անդամակցի տեղւոյն Սուրբ Ստեփանոս առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին, որուն աւելի ուշ կը ծառայէ իբրեւ տնօրէն:

Աւարտելէ ետք տեղւոյն Լումիզ Չաֆի դպրոցը, ան կը ստանայ իր պսակաւոր արուեստի վկայականը` ուսողութեան մէջ, Մոնթ Հոլիոք քոլեճէն` Բարձր յիշատակութեամբ, եւ մագիստրոս արուեստի վկայականը` Քալիֆորնիոյ համալսարանէն եւ դոկտորայի վկայականը` Քոնեքդիքաթ համալսարանէն: Ան նաեւ ստացած է Պատուոյ մեծարանքներ: «Phi Beta Kappa» եւ «Pi Mu Epsilon» ուսողութեան մէջ: Հոս տեղին է յիշել նաեւ, որ ուսանողական տարիներուն ան տարի մը անցուցած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ` հայերէն դասընթացքի հետեւելով:

Աշխարհ եկող իւրաքանչիւր անհատ ունի յստակ կարողութիւն կամ տաղանդ մը: Արսինէն այն քիչերէն էր, որ ունէր բազմազան շնորհներ եւ ժրաջան աշխատանքով զարգացուցած էր անոնցմէ շատերը` մեծ յաջողութեամբ, եւ շնորհած էր հայ ազգին:

Դոկտ. Արսինէն իր ուսուցչական ասպարէզի կողքին գործած է երեք դպրոցներու մէջ եւ վարած է տնօրէնի պաշտօն` Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն համազգային դպրոցի (Սիտնի, Աւստրալիա), Գրուզեան-Զաքարեան Վասպուրական դպրոցի (Սան Ֆրանսիսքօ) եւ Հայ Քոյրերու աքատեմիի (Ռանտոր Ֆիլատելֆիա): Ան նաեւ այս տարի ամբողջացուց իր 21 տարուան ասպարէզը` առեւտրական տեսչուհիի իբրեւ խորհրդատու «Կեփ Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան, ուր ան նաեւ կը վարէր փոխնախագահի պաշտօն` մասնագիտանալով հետազօտութեան եւ զարգացումի մէջ, թափ տալով առեւտուրի եւ անհատական փոխակերպութեան զարգացման:

Դոկտ. Օշական` իբրեւ բնակիչ Ռատնոր Ֆիլատելֆիոյ, երեւելի ուժ մըն էր հայկական համայնքին մէջ, ան ստանձնած է վարել կազմակերպութիւններ եւ հսկայական ջանք ի գործ դրաւ բարելաւելու այդ կառոյցներուն մակարդակը` ըլլան անոնք տեղական, ազգային կամ միջազգային: Ան իր կեանքը նուիրած էր հայերու դաստիարակութեան եւ մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն տարածելու:

Ան իր հանգուցեալ ամուսնոյն` Վահէ Օշականին հետ ճամբորդած էր աշխարհով մէկ` նեցուկ կանգնելու հայութեան մշակութային, գրական, կրօնական եւ ազգային ջանքերուն, ներառեալ` Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն, նաեւ ըլլալով սիւները Ազգային առաջնորդարանին:

Սիրելի՛ Արսինէ,

Կարծես երէկ էր, երբ մենք հանդիպեցանք իրարու Պէյրութի մէջ: 1967 գարնանային օր մըն էր, երբ ես եկած էի այցելելու բարեկամուհիի մը, որուն դրացին Եդուարդ Պօյաճեաններն էին, Սիլվան` իր աղջիկը դուռը զարկաւ եւ բարեկամուհիիս ըսաւ.

– Արաքսի՛ թանթիկ, Ամերիկեան դեսպանատունէն հեռաձայնեցին եւ ըսին, որ Արսինէն պէտք է ժամը 5:00-ին դեսպանատուն (Այն Մրէյսի) ներկայանայ` բոլոր ամերիկացիներուն հետ վերադառնալու Ամերիկա, քանի որ հրէական արշաւանքները զօրացած են պաղեստինեան հողերուն վրայ:

Մենք հազիւ այդ օր ժամ մը անցուցինք իրարու հետ, եւ ես, բարեկամուհիս միացանք, Սիլվան ալ մեզի հետ, ապահով հասանք դեսպանատուն: Այս եղաւ իմ ծանօթանալու առիթս Արսինէին:

Տարիները սահեցան, եւ օր մըն ալ կը խօսէի ազգականներուս հետ, որոնք տարիներ առաջ` 1977-ին Պէյրութէն գաղթած էին Սան Ֆրանսիսքօ: Երբ կը խօսէին գաղութի կեանքին մասին, հպարտութեամբ ըսին, որ իրենց հայկական վարժարանին տնօրէնուհին Արսինէ Օշականն է: Այն ատեն գիտցայ, որ ան ամուսնացած էր Վահէ Օշականին հետ, եւ անոնք հոն կը գործէին:

Բայց ամէնէն մեծ անակնկալը եղաւ, երբ կրտսեր զաւակս` Ալեքը գաղթեց Ամերիկա, շատ մը տեղեր դիմած էր գործի, նաեւ` «Կափ Ինթըրնեշընըլ», որուն ընկերութեան փոխնախագահը Արսինէ Օշականն էր: Տղուս դիմումնագիրը ընդունուած էր, եւ առաջին անձը, որ տղաս պիտի հարցաքննէր Արսինէն էր, իսկ անոր առաջին հարցումը կ՛ըլլայ. «Սօսի Պալեանը կը ճանչնա՞ս, Պէյրութէն»: «Անշուշտ, մայրս է», կ՛ըլլայ պատասխանը:

Եւ վերջապէս այս ձեւով վերամիացայ Արսինէին, տարիներ ետք` մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ: Հոս ըսեմ նաեւ, որ երբ Արսինէն տեսայ Պէյրութի մէջ մեծ եղած հիացմունքս, որ ամերիկահայ մը եկած է Պէյրութ հայերէն սորվելու, մինչ մեր տեղացի հայ ծնողները իրենց զաւակները օտար դպրոցներ սկսած էին ղրկել:

Երբ տղաս Ֆիլատելֆիա հաստատուեցաւ` 2011¬էն ի վեր, ամէն անգամ որ ես հոն եղած եմ, անպայման կը տեսնուէինք իրարու հետ եւ զիրար կը վայելէինք, աւելի մօտէն կը ճանչնայինք զիրար:

Հոս տեղին է ըսել, որ ես Արսինէն աւելիով ծանօթացայ Ֆիլատելֆիոյ հայութեան կողմէ, ուր ան անցուցած է իր կեանքին կէսը եւ եղած է շատ եռանդուն անդամ մը գաղութին: Ան անդամակցած է Հայ օգնութեան միութեան, ՀՅԴ¬ին, ծառայած է իբրեւ հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ խնամակալութեան անդամ, անդամակցած է դպրաց դասին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովին, եղած է Ազգային ներկայացուցիչ եւ 21 տարիներ եւ աւելի ան մայրենի լեզուն դասաւանդած է գաղութի չափահասներուն գիշերային դասընթացքի միջոցով` զոհելով իր հանգիստը: Թող զարմանալի չթուի ձեզի, որ Արսինէին աշակերտները անոր անհանգստութեան ատեն եկեղեցիներէն կոչ կ՛ուղղէին, որ աղօթեն իրենց սիրելի ուսուցիչին համար: Անոնք մեծ թիւով հոն էին նաեւ անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան:

Անոնցմէ մէկուն վկայութիւնը եղաւ, երբ առցանց կը խօսէի պրն. Ռ. Փոլսընի հետ, երբ ան գիտցաւ, որ Ալեքին մայրն եմ սկսաւ հայերէն խօսիլ հետս, եւ ես զարմացած հարց տուի, թէ ուրկէ՞ ինք սորված է այս մաքրամաքուր հայերէնը, իր պատասխանը եղաւ. «Մայրս հայ է, իսկ հայրս լեհ, բայց իմ ուսուցիչներս եղած են Վահէ Օշական եւ իրմէ վերջը` Արսինէ Օշականը, մինչեւ իսկ իր անհանգստութեան օրերուն»:

Շատ չանցած արդէն անոր աստղը շիջեցաւ եւ ան այս աշխարհէն հեռացաւ լուռ ու մունջ իր` ետին ձգելով համբաւ մը, որուն քիչեր արժանի եղած են:

Ան պիտի մնայ իր շատ սիրած Ֆիլատելֆիոյ գաղութին, իր քրոջ, եղբօր եւ ընտանիքներուն, Վահէ Օշականի զաւակներուն եւ իրենց ընտանիքներուն, բարեկամներուն, գործակիցներուն, աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն համար անփոխարինելի անձնաւորութիւն մը:

Սիրելի՛ Արսինէ, յիշատակդ վառ մնայ բոլոր անոնց մէջ, որոնք մօտէն կամ հեռուէն քու հետդ կապ ունեցան:

Մխիթարութիւն ընտանիքիդ անդամներուն:

 

Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան

«Ազդակ»