Թէ-24 կայքէջը վերի խորագրի ներքեւ ընդարձակ լրատուութիւն մը ունի Օրտուի խորհրդանիշներէն ողբացեալք՝ Տիգրան եւ Արտեմ Թորամաններու մասին։ «Մարմարա» այդ լրատուութենէն կարեւոր հատուածներ հաղորդած է՝ թարգմանաբար, որ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի մեր ընթերցողներուն.-
Ինքնութեան ազգայնամոլութիւնը ամօթ կը բերէ Օրտուին։ Երրորդ տարին է որ Թորաման քոյր եւ եղբօր յիշատակը չի յարգուիր այս քաղաքին մէջ։ Բժիշկ Տիգրան Թորաման եւ դեղագործուհի Արտեմ Թորաման Օրտուի մէջ ապրող ականաւոր գործիչներ էին, որոնք տարիներ շարունակ ծառայեցին քաղաքի ժողովուրդին։ Անոնց մահուան երրորդ տարելիցը լրացաւ 27 եւ 28 Հոկտեմբերին։ Թորաման քոյրն ու եղբայրը մահացած էին մէկ օրուայ տարբերութեամբ։
Թորամաններու ներդրումը Օրտուի եւ շրջակայ գիւղերու մէջ, անոնց 20ամեայ ծառայութիւնը՝ «Օրտուսփօր» ֆութպոլային ակումբի մէջ անբաժանելի էին ո՛չ միայն Օրտուի, այլ նաեւ երկրի բազմամշակութային դիմագծութենէն։
Ի՜նչ մեղք սակայն, որ տեղական իշխանութիւնները նոյնիսկ չարտօնեցին որ «Տիգրան եւ Արտեմ Թորաման»ներու անունը տրուի այն փողոցին, ուր ապրած էին այս երկու նուիրեալները։
Թորաման ընտանիքի պատմութիւնը սկիզբ կ'առնէ 1915ի տեղահանութենէն։ Տիգրան Թորաման չէր մոռցած ընտանիքի դժուարին ժամանակներու փորձառութիւնները, մասնաւորաբար ունեւորութեան տուրքի շրջանին ցաւալի զարգացումները, որոնք դարձան Օրտուի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու վրայ ճնշումի ու անոնց ինքնութիւնը ջնջելու փորձերու խորհրդանիշ։
Փողոցներու անուանափոխութեան պահանջները որոնք սկսած էին երեք տարի առաջ, Թորամաններու յուղարկաւորութենէն ետք, անտեսուեցան թէ՛ տեղական իշխանութիւններու, այնպէս ալ կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ։
Հակառակ հազարաւոր ստորագրութիւններուն, Թորաման եղբօր եւ քրոջ յիշատակը չյարգուեցաւ։ Փոխանակ անոնց ժառանգութիւնը պահպանելու, Օրտուի քաղաքապետութիւնը որդեգրեց ծայրայեղական մօտեցում մը ու շարունակեց ջանքեր վատնել՝ քաղաքի բազմամշակութային անցեալը ջնջելու ուղղութեամբ։
Օրտուի մէջ հայկական ու յունական ինքնութեան պատկանող բազմաթիւ հետքեր ու կառոյցներ նոյն ճակատագիրը կը բաժնեն։ Հայկական ու յունական թաղամասերուն պատկանող կառոյցները, դպրոցներն ու եկեղեցիները, զրկուելով իրենց ինքնութենէն, այժմ զոհ կը դառնան քաղաքային վերաշինութեան ամենատարբեր ծրագիրներու։
Այնուամենայնիւ, քոյր եւ եղբայր Թորամաններու ներդրումը անջնջելի հետք թողած է քաղաքի յիշողութեան մէջ, ընդգրկելով հասարակութեան լայն շերտերը։
Բժիշկ Տիգրան Թորաման եւ դեղագործուհի Արտեմ Թորաման, որոնք դարմանում ապահովելով, տարիներ շարունակ առողջապահական անվճար ծառայութիւններ մատուցած էին Օրտուի բնակիչներուն, ներկայիս անտես կ'առնուին ու իրենց յիշատակը դէմ յանդիման կը մնայ զգալի խոչընդոտներու, իրենց ամենահիմնարար իրաւունքի՝ իրենց յիշողութեան պահպանութեան հարցին հետ։
Թորաման մականունը շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն ունի քաղաքի համար, քան տեղական ու ազգային բազմաթիւ այլ անուններ, սակայն պարզապէս անոնց հայկական ինքնութեան պատճառով, անոնք կ'անտեսուին ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ։
Փոխանակ Թորաման քոյր եւ եղբօր յիշատակը ինքնութեան մօտեցումով պահպանելու, Օրտուի քաղաքային իշխանութիւնները կը շարունակեն ամենատարբեր անուններով անուանակոչելու փողոցներն ու պողոտաները։ Միայն թէ, այս անարդարութիւնը պատճառ պիտի չդառնայ Թորաման ընտանիքի յիշողութեան ջնջումին։ Մարդիկ երախտագիտութեամբ պիտի շարունակեն յիշել այս մարդիկը։ Յիշելը, ճշմարտութիւնը հռչակելը եւ ինքնութիւնը յիշատակելը մարդկային արժանապատուութեան պատասխանատուութիւնն է։