image

Անկրկնելի ու չմոռցուող. Ահմատ Զաքին պիտի դառնար 72 տարեկան

Անկրկնելի ու չմոռցուող. Ահմատ Զաքին  պիտի դառնար   72 տարեկան

Իւրայատուկ եգիպտացի դերասան՝ Ահմատ  Զաքի իր թուխ մաշկով  եւ թախծոտ  տարիներ շարունակ աչքերով գրաւած է միլիոնաւոր երկրպագուներու սիրտերը: Հակառակ,  որ այնքան ալ գեղադէմ չէր, բայց անոր ձգտող հոգին, զգայնութիւնը եւ բարձրորակ տաղանդը պատճառ դարձած են յաջողութեան: 

   Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Մատա փոսթ» արաբական կայքէն:

Ահմատ Զաքի Ապտըլ Ալ Ռահման ծնած է 18 նոյեմբեր, 1949-ին: Հայրը կանուխէն մահացած է եւ մեծ հայրը խնամած զինք մօր վերամուսնութենէն ետք:

Դեռ դպրոցական օրերուն, տնօրէնը իր մէջ յայտնաբերած է դերասանական տաղանդ եւ քաջալերած որ յաճախէ Թատերական արուեստներու ակադեմիայ: Այնտեղ, ուսանողութեան օրերէն սկսած է մասնակցիլ թատրոններու՝ «Համատէ» եւ «Հէլլօ Շալապի» եւ գրաւած բոլորին ուշադրութիւնը: 1973-ին աւարտած է ակադեմիան հանդիսանալով իր տարեշրջանի առաջինը ու նետուած թատերական ասպարէզ:

Ահմատ Զաքի առաջին օրերէն իսկ դերեր ունեցած է հանրաճանաչ գործերու մէջ՝ ինչպիսին են   ՝ «Մատրասաթ Մուշաղիպին»ը  («Չարաճճիներուն դպրոցը»),    «Ալ իյալ Քըպրէթ»  («Զաւակները մեծցան»)  գործերը, բայց եւ այնպէս Զաքիի ճանաչում  տուող  դերը   «Ալ Այամ» («Օրեր») տեսաշարին մէջ գրող՝Թահա Հուսէյնի կերպարն էր: Զաքի փայլած է նաեւ այլ ոճի՝ «Հուա ու Հիէ» (Արուն ու Էգը) երաժշտական զուարճալի տեսաշարին մէջ:   Հակառակ  անոր, որ  Զաքի   մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է թատրոնին մէջ, բայց ան աւելի սիրած է շարժանկարը: 1972-ին իր առաջին մասնակցութիւնը բերած է  «Ուալատի» («Զաւակս») շարժանկարին մէջ: Իսկ «Շաֆիքա ու Մութուալլի» շարժանկարը առաջինն էր,  ուր Զաքի խաղացած է հիմնական հերոսի կերպարը:

Անոր դերակատարութիւնը որքան հարազատ էր այնքան ալ վտանգաւոր, մանաւանդ դժուար կերպարներ ներկայացուցած ատեն,  որովհետեւ ապրումները կ'ազդէին անոր առողջութեան վրայ: Զաքի կատարած է բարդ կերպարներ, ինչպէս «Աղեքսանդրիա ինչու», «Ճամբուն վրայ թռչողը», «Սեւ վագրը», «Ընթրիքի ժամադրութիւն», եւ «Կարեւոր պատասխանատուի մը կինը» շարժանկարներուն մէջ: Ան նաեւ ներկայացուցած է  նախագահ  Սատաթի կերպարը «Սատաթի օրերը» շարժանկարով եւ նախագահ՝ Ժամալ Ապտ Ալ Նասէրի կերպարը «Նասէր 56» շարժանկարով, ինչպէս նաեւ երգիչ՝ Ապտ Ալ Հալիմ Հաֆէզի կերպարը «Հալիմ» շաժանկարով:

Զաքի ճշմարիտ ու իսկական կերպարներ մարմնաւորելու համար գացած է բարձրագոյն զոհողութիւններու: Ան թմրանիւթերով մոլիի մը կերպարը ներկայացնլու համար, իրապէս թմրանիւթեր օգտագործած է ու նկարահանուած այդ վիճակով, եւ շարժանակարը աւարտելէն ետք փոխադրուած է  վերականգնողական  կեդրոն հարկ եղած  բուժումը ստանալու: Իսկ ուրիշ շարժանկարի մը մէջ ան իրապէս պառկած է դիահերձարանի սառնարանին մէջ, ուր զգացած է թէ կը մահանայ, երբ սրտի զարկերը սկսած են տկարանալ: Իսկ նախագահ Ապտ Ալ Նասէրի կերպարին համար, որ հասակով իրմէ բարձր էր եւ ունէր յատկանշական քալուածք մը, Զաքի ամբողջ ընթացքին ոտքի մատներուն վրայ մնացած է ու բացառիկ ձեւով,  մարմանաւորելու համար  մեծ  գործիչ  Ապտ ալ Նասէրը։ 

Աղբիւրը անդրադարձած է նաեւ Զաքիի արժանացած բազմաթիւ մրցանակներուն: Ան իր  առաջին մրցանակը արժանացած է «Ճամբուն վրայ թռչող» շարժանկարին մէջ խաղացած դերին համար: Ապա արժանացած է 1989-ին Աղեքսանդրիա փառատօնին, 1990-ին Գահիրէի փառատօնի մրցանակներուն, իսկ 2001-ին լաւագոյն դերասանի մրցանակը Սատաթի կերպարին համար, եւ որուն համար ալ  արժանացած է նաեւ նախագահական առաջին կարգի շքանշանին նախագահ Մուպարաքի կողմէ: Նաեւ արժանացած է 2002-ին Միջազգային Գահիրէի փառատօնի մրցանակին: 

Ինչ կը վերաբերի իր անձնական կեանքին, ան սիրահարուած է ու ապա ամուսնացած դերասանուհի՝ Հալա Ֆուատին հետ: Սակայն ամուսնալուծուած են Զաքիի ապրած  նախանձի  պահերուն  պատճառով ։Հակառակ ամուսնալուծման ան սիրած է իր  կնոջ, եւ երբ վերջինս 1993-ին մահացած է քաղցկեղ հիւանդութենէ, Զաքի անցուցած է հոգեկան ծանր տագնապներ: Անոնք ունեցած են մէկ զաւակ՝ Հայսամ Ահմատ Զաքի, որ կեանքէն հեռացած է 2019-ին:

Զաքի որոշած է վերամուսնանալ իրմէ տարիքով մեծ երգչուհի՝ Ուարտա Ալժազարիին հետ, սակայն վերջինս մերժած է խուսափելով իր զաւակներու զայրոյթէն:

Ըստ աղբիւրին՝ Զաքի 18 տարի բնակած է Գահիրէի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ, քանի մը տարի անգամ փոխելով իր սենեակը: 

 Մեծ  դերասանը  իր շատ ծխախոտ օգտագործելուն պատճառաւ  տառապած է թոքերու քաղցկեղէ, ու պայքարած հիւանդութեան դէմ 9 ամիս: «Հալիմ» շարժանկարի նկարահանութեան ատեն, ան լացուցած է աշխատակազմը իր այնքան հարազատ դերակատարութեամբ, որովհետեւ Հալիմ ալ նոյն հիւանդութեամբ մահացած էր: Եգիպտոսի կառավարութեան հաշւոյն Զաքի բուժում ստացած է արտասահման ու վերադարձած իր վերջին օրերը անցնելու Եգիպտոսի «Տար Ալ Ֆուատ» հիւանդանոցին մէջ: Նշուած է նաեւ որ «Հալիմ» (Նուիրուած  եգիպտացի մեծ  երգիչ՝ Ապտըլ  Հալիմ Հաֆէզին)  շարժանկարի տեսարանի մը նկարահանման ատեն, բեմին վրայ Զաքի իր տեսողութիւնը կորսնցուցած է:

Ահմատ Զաքիի մահէն 16 տարի ետք, ան տակաւին ներկայ է իր գործերով, տակաւին փնտռուած է իր  երկրպագուներուն կողմէ, եւ  ան ամենատաղանդաւորն էր իր սերնդակիցներուն մէջ:  

 

 

  «Արեւելք»ի համար  արաբերէնէ թարգմանեց ՝ Թ. Գ.