Ատրպէյճանի խորհրդարանը ներկայիս կը քննարկէ «Զինուորական հերթապահութեան եւ զինուորական ծառայութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը։
Ըստ առաջարկուած փոփոխութեան՝ զօրակոչի առաւելագոյն տարիքը պիտի կրճատուի՝ 35-էն հասցուելով 30 տարեկանի: Փոփոխութենէն ետք այդ երկրին մէջ ժամկէտային զինծառայողներ պիտի համարուին 18-30 տարեկան քաղաքացիները: