Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Քահանայից Դասու նուիրեալ հոգեւորականներէն՝ Արժ. Տ. Յովսէփ քհնյ. Յակոբեան կը գրէ՝
Անզուգական եւ անկրկնելի ՄԱՅՐՍ։
Երբեք չէր հոգներ աշխատելէ, կերակուրներ պատրաստելէ։ Նախանձելի դիմացկունութիւն եւ շարժունակութիւն ունէր։ Անմրցելի էր նոյնիսկ իր հաւատքի մէջ, որ գործով ցոյց կու տար։
Կը սիրէր, կը ներէր եւ շատ ուրախ ու հպարտ էր իր 5 զաւակներով, 12 թոռներով եւ 24 թոռան երեխաներով, այսինքն՝ ծոռներով։ Այդ տեսակէտէ շատ հարուստ մայր ու տատիկ էր։
5 տարի առաջ շրջապատուած իր զաւակներով, թոռներով ու ծոռներով աչքերը փակեց այս աշխարհին մէջ, իբրեւ երկրային հրեշտակ ու միացաւ իր ննջեցեալ հարազատներուն։
Հոգին լոյս դառնայ իմ անուշիկ Մօր։