image

Անկախ Հայաստանի 4 -րդ Միւռոնօրհնէքը

Անկախ Հայաստանի 4 -րդ Միւռոնօրհնէքը

 Այսօր   Մայր Աթոռ    Սուրբ Էջմիածիի մէջ    տեղի պիտի ունենայ     հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնի  օրհնութիւն:  Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը պիտի կատարուի ձեռամբ ՝  Ամենայ Հայոց Գարեգին Բ.ն Վեհափառ  հայրապետին:   Արարողութեան  ներկայ պիտի ըլլան  Մայր Աթոռի թեմակալ  առաջնորդներ եւ քոյր եկեղեցիներու տասնեակ   հոգեւոր առաջնորդներ:   Ինչպէս    Պիքֆայաի  մէջ     Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան  կողմէ   կատարուած Միւռոնօրհնէքը, այս  արարողութիւնը եւս   ձօնուած է  Հայոց Ցեղասպանութեան     Սրբադասուած Նահատակներու    100-րդ  տարելիցի յիշատակին: Նշենք, որ այս  առթիւ  Սուրբ Էջմիածին ժամանած են տասնեակ  պատուիրակութիւններ հետեւելու  սրբազան արարողութեան եւ լսելու Վեհափառ  հայրապետին  պատգամը: Աւարտին յիատակենք, որ   Միւռոնօրհնէքը  4-րդ է  Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ: Առաջին   2 Միւռոնօրհնէքները կատարուած են    Վախճաեալ ՝  Տ.Տ.  Գարեգին Բ.ն  կաթողիկոսին ձեռամբ: