Տարբեր առիթներով գրած ենք Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մասին։ Գրած ենք հիմնուելով հիմնարար տուեալներու վրայ, որոնք բոլորն ալ հրապարակուած են հայրենի մամուլին մէջ ու նաեւ հանքարդիւնաբերութեան առընթեր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող կազմակերպութիւններու գործընկեր կողմերուն հետ։
Հեռու ենք անշուշտ ամբողջական պատկեր մը տալու, թէ ինչ հիմքերով, ինչ արժէչափերով ու մանաւանդ տնտեսական ոլորտի ինչ դրական շարժերով կը շարունակէ ապրիլ ու շնչել այս ոլորտը, սակայն ապահովաբար, եւ մանաւանդ երբ խօսք կերթայ սոյն ոլորտը սփիւռքահայ շրջանակներուն ծանօթացնելուն մասին, ապա պիտի հասկնանք եւ տեղ մըն ալ ընդունինք, որ այս առումով «Արեւելք» կը շարունակէ մնալ այն մնայուն հարթակը, ուր տարբեր գործիչներ, մասնագէտներ եւ նոյնիսկ տնտեսագէտներ իրենց մասնագիտական կարծիքները կը հաղորդեն մեր միջոցաւ։
Նպատակը անշուշտ, միայն ոլորտի տնտեսական յաջողութիւնները ներկայացնելը չէ, այլ սոյն ոլորտին եւ սփիւռքեան լայն շրջանակներուն միջեւ յստակ, ինչու չէ նաեւ հաստատուն կապ մը ստեղծելը։
Սփիւռքահայերս, Հայաստանի Հանրապետութեան նորանկախ տարիներուն տարբեր առոումներով փոխառնչութիւններ ունեցանք մայր հայրենիքին հետ։
Յարաբերութիւնները եղան յաճախ սիրալիր, սակայն տարբեր առիթներով ալ լեցուն անկումներով, ձախողումներով ու փոխվստահութեան պակասով։
Այդ առումով ալ ամէնէն խոցելին անշուշտ սփիւռքի որոշ շրջանակներու եւ նոյնիսկ ատոր դիմաց հայրենի մարմիններու եւ կամ կազմակերպութիւններու կողմէ հրապարակ նետուած ընկալումն էր, ըստ որուն սփիւռքը Հայաստանին պէտք է վերաբերի, որպէս «աղքատ մերձաւոր» մը, իսկ անոր փոխարէն Հայաստանը այդ սփիւռքը (կամ սփիւռքները) պիտի համարէ մէկական «կթան կովեր»։
Սա չոր իրականութեան կարեւոր մէկ մասն է, որուն համար ալ հարկ է ամբողջութեամբ վերանայիլ այս յարաբերութիւնը եւ անոր տալ նոր եղանակներ, նոր գործելաոճ ու մանաւանդ աւելի առողջ ընկալում։
Այդ ընկալումներուն մէջ ամենակենսականը անշուշտ պիտի ըլլայ այն, որ պէտք է աւարտին հասնին վերը նշուած ընկալումները («Աղքատ մերձաւոր» եւ «Կթան կով») ու անոնց փոխարէն տեղ տրուի առողջ ու մանաւանդ փոխշահաւէտ յարաբերութեան մը մասին։
Աշխատիլ այդ յարաբերութեան յանուն եւ ստեղծել նոր եւ տոկուն միջոցներ, այդ բոլորը իրականութիւն դարձնելու համար։ Այդ առումով ալ կարեւորագոյն ոլորտ պէտք է համարել Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը, որուն առաջատարը՝ « Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ն իր կողքին ունենալով շարք մը մարմիններ եւ կառոյցներ, որոնք մեծագոյն ճիգեր կ՚իրականացնեն հզօրացնելու համար այդ ոլորտը եւ զայն խթանելու ու Հայաստանի մէջ տարածելու «Կայուն զարգացման» մօտեցումը։
Ամէն պարագայի,որպէսզի մեր ընթերցողը աւելի յստակ պատկերացում մը կազմէ տուեալ ոլորտին մասին, ստորեւ կը ներկայացնենք «ԶՊՄԿ»-ի կողմէ անցնող տարեվերջին հրապարակուած ամփոփիչ զեկոյցը։
ԶՊՄԿ-ն հրապարակեց կայուն զարգացման 3-րդ հաշուետւութիւնը
Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջոցառման ընթացքին Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատը ներկայացուց իր կայուն զարգացման հերթական, անընդմէջ 3-րդ հաշուետւութիւնը, որ կ՚ամփոփէ նախորդ՝ 2023 թուականի գործունէութիւնը, կ՚ընդգրկէ ընթացիկ տարուան որոշ տուեալներ, ինչպէս նաեւ տեղեկատւութիւն՝ յառաջիկայ տարիներու թիրախներու եւ ընելիքներու վերաբերեալ։
Հաշուետւութեան հրապարակման հրաւիրուած էին հանքարդիւնաբերական ոլորտի մասնագէտներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, պետական գերատեսչութիւններու, դեսպանատներու ներկայացուցիչներ, ոլորտի կրթական- գիտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Միջոցառման ժամանակ հնչեց ԶՊՄԿ գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլիի ուղերձը, որուն մէջ ան մասնաւորապէս նշած է․ «Մեր կայուն զարգացման ռազմավարութիւնը կը ներառէ բոլոր ուղղութիւններով՝ բնապահպանութիւն, ընկերային եւ կառավարչական, միջազգային ընդունուած չափանիշերու աստիճանական ներդրում: Մենք կը գիտակցինք, որ սա կարճաժամկէտ ժամանակահատուածի մէջ իրականացուելիք խնդիր չէ․ միջազգային լաւագոյն չափանիշերու ներդրումը գործընթաց է, որ կը պահանջէ հետեւողական եւ քրտնաջան աշխատանք: Եւ այդ այն է, ինչին մենք կը ձգտինք հասնիլ կայուն կառավարման մեր հետեւողական քաղաքականութեամբ»:
Ան նաեւ նշեց, որ կայուն զարգացումը նոր արհեստագիտութիւններու եւ արտադրողականութեան կառավարման ոլորտի մէջ ժամանակակից մօտեցումներու ներդրման անբաժանելի մասն է։ Սա ընկերութեան զարգացման, արհեստագիտական առաջընթացի, արտադրողականութեան աճի եւ արդիւնաւէտ կառավարման համարկուած մօտեցում է:
Կայուն զարգացման հաշուետւութիւնը ներկայացուց ԶՊՄԿ Կայուն զարգացման գիծով տնօրէն Արմէն Ստեփանեանը։ Ան ընդգծեց, որ զեկոյցը պատրաստուած է GRI-ի Կայուն զարգացման ոլորտի մէջ հաշուետուողականութեան օրինաչափերու եւ Կայուն զարգացման ոլորտի մէջ հաշուառման չափանիշերու խորհուրդի (SASB) կայուն զարգացման մասին հրապարակման սկզբունքներուն եւ մօտեցումներուն համապատասխան։ Զեկոյցը կը ներկայացնէ Հայաստանի ու ընկերութեան յարակից համայնքներու տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ Ընկերութեան ներդրումը եւ կը մանրամասնէ անոր գործունէութեան բնապահպանական եւ ընկերային բաղադրիչները։
Հաշուետւութեան մէջ առանձնացուած են 2023 թուականին ընկերութեան ձեռքբերումները՝ կայուն զարգացման ոլորտին մէջ։ Արմէն Ստեփանեանը նշեց, որ առաջընթաց գրանցուած է աշխատանքի անվտանգութեան եւ առողջութեան ոլորտներու մէջ, ներդրուած են աշխատավայրի մէջ անվտանգութեան եւ առողջութեան պահպանման մակարդակի բարձրացմանն ուղղուած նոր ընթացակարգեր՝ միջազգային լաւագոյն փորձին համապատասխան։
Նշուեցաւ նաեւ, որ ընկերութեան կառավարման ընթացակարգերուն մէջ աւելցեր են նոր կանոնակարգեր ու քաղաքականութիւններ՝ վարուեցողութեան կանոններէն մինչեւ ընկերային, առողջութեան եւ անվտանգութեան, հակափտածութեան, մարդու իրաւունքներու ոլորտներուն առնչուող։ Նորացուած ընթացակարգեր եւ քաղաքականութիւններ մշակուած են նաեւ բնապահպանական, կլիմայի փոփոխութեան, կենսաբազմազանութեան կառավարման ոլորտներուն մէջ։ Գնումներու ընթացակարգերուն մէջ եւս ներդրուած է միջազգային առաջատար փորձը՝ արդիւնաւէտութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը բարձրացնելու նպատակով։
Միջոցառման ընթացքին ներկայացուեցաւ «Breavis» ընկերութեան իրականացուցած ընկերաբանական հետազոտութիւնը՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքին՝ հեռախօսային հարցման, իսկ Սիւնիքի մարզի մէջ՝ «դէմ առ դէմ» ձեւաչափերով։ Ըստ հարցման, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հարցուածներու մեծամասնութիւնը՝ 77%-ը, կը կարծէ, որ կարելի է ունենալ միաժամանակ ե՛ւ հանքարդիւնաբերութիւն, ե՛ւ մաքուր բնութիւն ու զարգացած տնտեսութիւն։ Սիւնիքի մարզի մէջ հարցուածներու մեծամասնութիւնը՝ 69․8%-ը նոյնպէս այդ կարծիքին են, ընդ որում այս միտքը հիմնական ընդունելի համարեր են 31-45 տարեկան, բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող, քաղաքաբնակ հարցուողները։
«Հանքարդիւնաբերութեան դերը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ․ Սիւնիքի մարզի եւ ԶՊՄԿ-ի երեւոյթը» հետազօտութիւնը ներկայացուց «Modex Advisory» ընկերութեան ղեկավար Հայկազ Ֆանեանը։ Ըստ մանրամասն ընկերային-տնտեսական վերլուծութեան, Հայաստանի արդիւնաբերութեան աւելի քան մէկ քառորդը հիմնուած է հանքագործութեան վրայ։ Սիւնիքը, ուր կը գործէ ԶՊՄԿ-ն՝ ամենախոշոր հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը, Հայաստանի ամենահարուստ մարզն է, որ իր փոքր բնակչութեամբ, կ՚ապահովէ մեծ տնտեսական արդիւնք։ Ըստ վերլուծութեան, աղքատութեան միջին ցուցանիշը հանրապետութեան մաշտապով կը կազմէ 23%, այն պարագային, երբ աղքատութեան ամենաբարձր մակարդակը արձանագրուած է Շիրակի մարզի մէջ՝ 43,1%, իսկ Սիւնիքի մարզի աղքատութեան ցուցանիշը ամենացածն է՝ ընդամէնը 7%։