image

Անգարայի մէջ սպաննուած ռուս դեսպան Գարլովի գործով դատավճիռ

Անգարայի մէջ սպաննուած ռուս դեսպան Գարլովի գործով դատավճիռ

Անգարայի մէջ դատարանը 2016 թուականին Թուրքիոյ մէջ ռուս դեսպան Անտրէյ Գարլովի սպանութեան գործով վճիռ կայացուցած է, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստին:

28 մեղադրեալներէն 5-ին արդարացուած են: 9 մարդ 5-15 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է: Եւս 5 մեղադրեալ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած է: 9 մեղադրեալ ալ հետախուզման մէջ է:

Անտրէյ Գարլովին գնդակահարած էին 2016 թուականի 16 դեկտեմբերին Անգարայի մէջ ցուցահանդէսի ժամանակ: Թուրքիոյ իշխանութեան տուեալներով՝ դեսպանի վրայ յարձակում գործած է ոստիկանութեան աշխատակից Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշը, անոր մեկուսացուցած են անվտանգութեան ուժերը: