image

Հաճիեւ խօսած է Ռուբէն Վարդանեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի դատավճիռներու մասին

Հաճիեւ խօսած է Ռուբէն Վարդանեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի դատավճիռներու մասին

«Օլիկարխ Ռուբէն Վարդանեանին վերաբերող Պաքուի դատարանին որոշումը ոչ միայն արդարադատութեան իրացում էր, այլեւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին անասելի տառապանքներ պատճառած 30 ամեայ հակամարտութեան խորհրդանշական եւ տրամաբանական աւարտ»,- X-ի իր օգտահաշիւով գրած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ։

Ան շեշտած է, որ հակամարտութեան լուծման եզակի՝ ռազմական-քաղաքական ձեւը յառաջ մղելով եւ հակամարտութենէն յետոյ խաղաղութեան օրակարգ նախաձեռնելով՝ «Ատրպէյճանը նաեւ ապահոված է, որ պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող անձերու, այդ շարքին՝ Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւսները պատասխանատուութեան ենթարկեն»։

«Մեր ակնկալիքն էր, որ Նիւրնպերկեան դատավարութեան, նախկին Հարաւսլաւիոյ միջազգային քրէական ատեանի կամ Ռուանտայի միջազգային քրէական ատեանի օրինակով Ատրպէյճանի պարագային եւս նմանատիպ դատական ատեան ստեղծուի։ Այսօրուայ անարդար միջազգային միջավայրին մէջ, սակայն, օրէնքի կիրառումը նոյնիսկ դարձած է աւելի քաղաքականացուած եւ կ’ենթարկուի երկակի չափանիշերու։

Այդ իսկ պատճառով Ատրպէյճանը բաց դատական գործընթաց կազմակերպեց եւ արդարադատութիւնը իրացուց իր սեփական իրաւական համակարգի շրջանակներուն մէջ՝ օրինակ ծառայելով միջազգային ամբողջ հանրութեան համար»,- պնդած է Հաճիեւ։