«Անդին» գրական ամսագիրը ցուցահանդէսով մը պիտի նշէ իր ծննդեան 3-րդ տարեդարձը: Այս մասին վերահասու դարձանք Ֆէյսպուք ցանցի վրայ երեւցած յայտարարութեամբ մը: Նշենք, որ գրական պարբերականը իր 3-րդ տարեդարձը պիտի նշէ լուսանկարներու ցուցահանդէսով մը, որ պիտի կայացուի յառաջիկայ Ուրբաթ 25 Դեկտեմբերին Երեւանի «Առնո Պապաջանեան»ի անուան համերգասրահին մէջ: Յիշեցնենք, որ ամսագիրը հիմնած է հայրենի հրապարակախօս՝ Մերժուան Տէր Գուլանեանը, որ ցայսօր կը վարէ ամսագրի գլխաւոր խմբագրի պաշտօն: