image

Ամերիկահայը ոսկերիչներու լաւագոյն եռեակին մէջ՝ ըստ The New York Times-ի

Ամերիկահայը ոսկերիչներու լաւագոյն եռեակին մէջ՝ ըստ The New York Times-ի

Ամերիկեն առաջատար լրատուամիջոց The New York Times-ը յօդուած հրապարակած է՝ նուիրուած ԱՄՆ-ի մէջ ապրող երեք ժամանակակից ոսկերիչներու։

Լաւագոյններու շարքին, ըստ թերթին, հայազգի Արման Սարգիսեանն է, որ փորագրութեամբ սկսած է զբաղուիլ 13 տարեկանին, երբ անոր հայրը որոշած է որդիին ոսկերչական արուեստ սորվեցնել։

78-ամեայ հայրը այսօր ալ ձեռք ձեռքի տուած կ'աշխատի Արմանին հետ։ Անոնք փորագրման յատուկ ձեւ ունին, որուն շնորհիւ զարդերը հինաւուրց կը թուան։ Այդ մասին ըսուած է նաեւ յօդուածին մէջ։

Լրագրողը նշած է, որ Սարգիսեանը այս տարուան ամրան Հայաստանէն վերադարձած է երկրի քրիստոնէական հին մշակոյթով ոգեշնչուած։ «Ինծի համար շատ կարեւոր է իմ աշխատանքներով պատմութեան մէկ նշոյլ փոխանցելը»,- Արմանի խօսքէն կը մէջբերէ յօդուածի հեղինակը։