Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ Մինսքի մէջ հանդիպման հնարաւորութիւնը դեռ չէ քննարկուած, սակայն Մոսկուայի համար Պելառուսիոյ մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ բանակցութիւններու լաւագոյն վայրը։ Այս դիրքորոշումը լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Այդ հարցը չէ բարձրաձայնուած եւ չէ քննարկուած, բայց, ի հարկէ, Մինսքը մեր գլխաւոր դաշնակիցն է: Հետեւաբար, այդ մեզի համար լաւագոյն տեղն է բանակցելու համար», -ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչն ի պատասխան այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր է արդեօք Մինսքի մէջ բանակցութիւններ վարել։
Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն յայտարարած է, որ Մինսքը պատրաստ է բանակցութիւններ կազմակերպելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ։
«Եկէք, կը նստինք այստեղ, հանգիստ, առանց աղմուկի, առանց պոռալու, կը պայմանաւորուինք։ Ուստի, փոխանցեցէք Թրամփին. ես այստեղ Փութինի եւ Զելենսքիի հետ կը սպասեմ անոր, մենք կը նստինք եւ հանգիստ համաձայնութեան կու գանք։ Եթէ կ՚ուզէք համաձայնութեան գալ»,- նշած է Լուքաշենքօն։
Միաժամանակ ան հրաժարած է միջնորդի դերէն Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ։ Պելառուսիոյ նախագահի խօսքով՝ ինք «կ՚ատէ» միջնորդութիւնը, քանի որ այդ կը նշանակէ երկու կողմերու միջեւ դիրքորոշում ընդունիլ՝ առանց գործընթացի վրայ ազդելու իրական հնարաւորութեան։