ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրը ժամանած է Երեւան։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան պետ Սերոբ Պեճանեանը:
Այցի տեւողութեան եւ նախատեսուած հանդիպումներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:
Յիշեցնենք, որ 8 Յունիսին մեկնարկած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրի տարածաշրջանային այցը Հարաւային Կովկասի երկիրներ։
Մինչ Հայաստան ժամանելը Ռիքըրն այցելած է Վրաստան, այնուհետեւ՝ Ատրպէյճան։