image

Ամենափոքրիկ ձագուկը.Կիպրահայ ընտանիքը համալրուեցաւ 8-րդ անդամով

Ամենափոքրիկ  ձագուկը.Կիպրահայ  ընտանիքը  համալրուեցաւ 8-րդ անդամով

 Դաւիթ  եւ Աննա   Համբարձումեաններու   ընտանիքը բախտաւորուած է մանչ  զաւակով մը, որ կը հանդիսանայ   ընտանիքի 8-րդ անդամը։

 Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Կիպրահայեր»  դիմատետրի էջը, նշելով նաեւ, որ       փոքրիկին ծնողները տակաւին չեն  որոշած    նորածինին  անունը։

    Էջը կատակով մը ընելով, իր ընթերցողներուն  առաջարակած է   անուններ ներկայացնել  նորածին փոքրիկին համար։Նշենք, որ երկար տարիներէ  ի վեր Կիպրոս հաստատուած Դաւիթ Համբարձումեանը  արմատներով վիրահայ է։

 

 Կը  շնորհաւորենք    ամոլը  այս գեղեցիկի  առիթին համար, մաղթելով, որ հայկական օճախներէն  միշտ ալ  նման գեղեցիկ  լուրեր     հնչեն։