image

Լիբանան. Քրիստոնեայ ընտանիքը զոհ՝ ինքնաշարժի արկածի

 Լիբանան. Քրիստոնեայ ընտանիքը զոհ՝ ինքնաշարժի արկածի

Հինգ անձերէ  բաղկացող   Ալ Թոք ընտանիքի անդամները  զոհուած են ինքնաշարժի  ծանր արկածի հետեւանքով։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ լիբանանեան  աղբիւրներէ։

Կը նշուի, որ   քրիստոնեայ ընտանիքի ինքնաշարժը գլտորած է ձորը եւ  «հանգչած» «Քատիշա»  քարանձաւին մէջ։

Զոհերը բնիկ Պշարէ լեռնային շրջանէն  են եւ անոնց մահուան լուրը ցնցում յառաջացուցած է  ամբողջ շրջանին մէջ։

 Կը նշուի նաեւ, որ արկածը պատահած է Պշարէ-Ալ Արզ հին ճանապարհին վրայ։