-Ինչ՞ կ'ուզէք գրեցէք՜, կը ստորագրեմ, բայց կ'աղաչեմ, Թուրքիոյ լրտես մի՜ գրէք...
Խորհրդային Միութեան գաղտնի ծառայութիւններուն (KGB) կողմէ հայոց մեծ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան տարբեր առիթներով հարցաքննութեան ենթարկուած է։
Առիթով մը կը պատմուի, թէ հարցաքննութեան ատեն, քննիչը հարցուցած է, թէ ան քանի՞ լեզու գիտէ։ Աճառեան թուարկած է իր գիտցած լեզուները, իսկ քննիչը ամէն լեզուի դիմաց նշած է տուեալ երկրին լրտես։ Երբ հերթը հասած է թրքերենէն, ան խնդրած է._
-Ինչ՞ կ'ուզէք գրեցէք՜, կը ստորագրեմ, բայց կ'աղաչեմ, Թուրքիոյ լրտես մի՜ գրէք...
.....
Կը պատմուի դարձեալ, որ առիթով մը Գերմանիայէն ինչ որ պատուիրակութիւն եկած էր, եւ թարգմանիչ պէտք էր: Թախանձագին կը խնդրէին, որ Աճառեան ներկայանայ ։ Ան Դժկամութեամբ բաժնուած է գործէն ու գացած թարգմանելու: Երբ այդ հանդիպումը աւարտած է, հիւրերէն շոմ հետաքրքրուած է թարգմանիչի ազգութեամբ:
– Հայ եմ, զտարիւն հայ,– ըսած է ան :
– Բայց դուք գերմաներէն կը խօսիք զարմանալիօրէն վարժ:
– Պարզապէս ձեր լեզուն իմանալը իւրաքանչիւր կիրթ մարդուն օդ ու ջուրի պէս անհրաժեշտ է: Դուք ամենատարբեր բնագաւառներու մէջ այնպիսի գլուխներ տուած էք, որ անոնց աշխատութիւնները բնագիրով կարդալը հանրագիտարանային գիտելիքներ կրնայ պարգեւել մարդուն:
Այդ հանդիպումէն երկու շաբաթ անցած էր: Հայաստանէն պատուիրակութիւն պէտք է մեկէր Ֆրանսա: Թարգմանիչը նորէն Աճառեանն է: Ֆրանսացիները, որոնց շատ դժուար է որեւէ բանով զարմացնել, բերանը բաց կը հետեւէին հայ թարգմանիչին: Նման մաքուր ֆրանսերէն, մանաւանդ բառապաշարի հարստութիւն, անոնք, անկասկած, չէին սպասեր: Հանդիպման հիմնական թեման մոռցած անոնք անցած են լեզուի հարցերուն, եւ թարգմանիչը ապշեցուցած է բոլորը:
– Ներեցէ՛ք,– անոր կը դիմէ ֆրանսացիներէն մին, որ, հաւանաբար, լեզուի մասնագէտ էր,– պատահաբար ձեր արմատները մեր հողին մէջ չե՞ն ծլարձակած:
– Ո՛չ,– կարճ կը պատասխանէ թարգմանիչը, ապա կ'աւելացնէ,– իմ արմատները իմ հարազատ Հայաստանի հողին մէջ ծլարձակած են:
.....
Այլ առիթով մը, երբ երեկոյեան ժամ էր, կը զանգեն եւ կը հրաւիրեն քաղաքային կոմիտէ: Լոնտոնէն պաշտօնական գրութիւն եկած էր, շտապ պէտք է թարգմանուէր եւ պատասխան ուղարկուէր:
Անգլերէն ան գիտեր համարեայ մայրենիին նման, չնայած քիչ կը գործածէր: Բնագիրէն Շէյքսփիր կը կարդար եւ Պայրըն:
Իսկ իրլանտացի Պեռնարտ Շոույի գիրը անոր սեղանի գիրքն էր: Ինչ որ պէտք է, կ'ընէր, նոյնիսկ քերականական քանի մը ուղղումներ կային բնագիրին մէջ…
Բաւական ժամանակ զինք չէին անհանգստացներ: … Բայց ահա նորէն զանգ… ճոխ հիւրընկալութիւն կազմակերպուած էր տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած պաշտօնական անձերու համար: Եկած էին Սպանիայէն, Իտալիայէն, Յունաստանէն, Իրանէն եւ Հնդկաստանէն…
Եւ, կը պատկերացնէ՞ք, հրաւիրուած էր ընդամէնը մէկ թարգմանիչ: Միայն ապշել կարելի էր, թէ թարգմանիչը ինչպէս կը կաողանար այդ բոլոր օտար ազգերու լեզուները թարգմանել: Եթէ մերոնց համար այդ այնքան ալ զարմանալի չէր, լաւ կը ճանչնային զինք, հիւրերը պարզապէս ցնցուած էին: Թարգմանիչը ոչ միայն կը թարգմանէր, այլ նաեւ իր կողմէն հաճոյախօսութիւններ կ'ընէր, անեկդոտներ կը պատմէր, մէկը միւսէն իմաստալի կատակներ կ'ընէր:
«Սա հրաշք է,– կ'ըսէին:– Եթէ Հայաստանի հողը նման հրաշքներ կը ծնի, ուրեմն այդ հողը սուրբ հող է, ազնուացնող հող»:
Այդ հրաշքը մեր հանճարեղ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանն էր...
Նիւթը ՝Շահէն Զաքարեանին
«Արեւելք»ի համար Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Թ.Գ.