image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 1701-ը` շարքին 8-րդը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 1701-ը` շարքին 8-րդը

Այս բարդութիւնները կրնան ներհամայնքային իրավիճակներ ստեղծել, քաղաքական շահարկումներու դուռ բանալ, նոր ջլատումներու առաջնորդել` տակաւ արծարծելով` շիի համայնքին իրանացումէն դէպի արաբականացում վերադարձի պահանջը:

Իսրայէլի վարչապետը անորոշ յայտարարութիւն կ՛ընէր` ըսելու համար, որ պատերազմը պիտի չդադրի, մինչեւ Իսրայէլի նպատակներու իրականացումը:

 

Իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ յայտարարեցին, որ բանակի 91-րդ խումբը կիրակի գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային կեդրոնացած ու որոշակի գործողութիւններու սկսաւ:

Հարաւային Լիբանանի ուղղութեամբ նախկին գործողութիւնները առ ի նախապատրաստութիւն ցամաքային ներխուժման կը բնութագրուէին իբրեւ տեղայնական եւ սահմանափակ: Այս պարագային ներխուժում ձեւակերպումը չկայ: Մինչ իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ կ՛ազդարարէին իրենց զինեալ ուժերու մուտքը լիբանանեան տարածքներ, Հըզպալլան կը հերքէր լուրը` յայտարարելով, որ կը յաջողի դիմադրել եւ դիմակայել յարձակումներուն:

Իբրեւ երրորդ կողմ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կեդրոնը եւս կը հաստատէր, որ ներխուժման կամ թափանցման գործողութիւն չէ իրականացուած: Ռազմագիտականօրէն բարդ է եզրակացնելը, որ առաջադրուածը ի՛նչ խորութեամբ ներխուժում է: «Սահմանափակ»-ը, «տեղայնական»-ը, հիմա ալ «կեդրոնացած»-ն ու «որոշակի»-ն ըստ էութեան անորոշ են: Տակաւին տարակուսելի է, թէ ներխուժումը իրողական առաջադրա՞նք է, թէ՞ շղարշ` յարձակումները շարունակելու, Հըզպալլայի համակարգն ու ենթակառուցուածքները հիմնովին հարուածելու:

Բազմակէտային պատերազմը կը շարունակուի: Կազա, Լիբանան, Սուրիա, Եմէն, Իրաք ուղղութիւններով Իրան-Իսրայէլ արտատարածքային պատերազմները կը շարունակուին: Մինչ Իրան-Իսրայէլ ուղղակի տարածքային գործողութիւններու առումով հերթը Իսրայէլին է` պատասխանելու կամ չպատասխանելու: Եթէ Թել Աւիւ չպատասխանէ, ապա Թեհրանի յայտարարութեամբ Իրան այս ձեւով կ՛աւարտէ Իսրայէլը հարուածելու իր գործողութիւնները:

Սակայն Դիմադրութեան աջակցելու Թեհրանի որոշումը ի զօրու է, ըստ Իրանի դիւանագիտութեան ղեկավարի յայտարարութեան: Պատերազմական արտատարածքային գործողութիւններու պարագային երկու կողմէն այլ խնդիրներ կրնան դրսեւորուիլ:

Պարզ է, որ Կազայի պատերազմի պարագային Իսրայէլի կառավարութիւնը ժողովրդային աջակցութիւն չունէր: Ընդհակառակն` բողոքները զանգուածային էին պատերազմը դադրեցնելու պահանջով: Ճակատային ուղղութեան փոփոխութեամբ Իսրայէլի վարչապետը լուծեց այդ խնդիրը: Ժողովրդային զօրակցութեան երեւոյթ կայ Հըզպալլայի դէմ յայտարարուած անհաշտ պատերազմին: Այստեղ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ անվտանգութեան վերահաստատումը եւ բնակչութեան վերադարձի խոստումը աւելի ժողովրդային յենարան ունին: Սակայն եթէ Կազայի պարագային յատկապէս պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակման պահանջն էր մղիչ գործօնը բողոքի զանգուածային գործողութիւններուն, ապա Հըզպալլայի պարագային այդ խնդիրը չկար: Պատերազմի երկարատեւութեան եւ Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան տարածքներ հրթիռակոծելու գործողութիւններու սաստկացման պարագային, զոհերու եւ աւերներու երեւոյթը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ներիսրայէլեան նոր բողոքներու վրայ:

Երկրորդ երեւոյթը կը վերաբերի տարբեր երկիրներու մէջ արձանագրուած ցոյցերուն` առ ի զօրակցութիւն պաղեստինցի ժողովուրդին: Ինչ որ ի սպառ կը բացակայի Հըզպալլայի պարագային: Այստեղ եւս զոհերուն մէջ կան երեխաներ, անզէն բնակիչներ, սակայն հանրային կարծիքի կայացման համար զօրակցական ցոյցեր չկան:

Պատերազմի երկարատեւութիւնը այլ ուղղութեամբ  կրնայ նոր գործընթացներու դուռ բանալ: 2006-ի  պատերազմը եւս պատճառ դարձաւ տեղահանութեան, գաղթականութեան: 33-օրեայ պատերազմի արհաւիրքն ու հետեւանքները վերացնելու համար շատ աւելի արագ եւ ազդեցիկ էին մարդասիրական օժանդակութիւնները, յատկապէս Իրանի կողմէ` հարուածուած շրջաններու բնակչութեան հասցուած: Հիմա համատարած են անօթեւանութիւնը, անպատսպար վիճակները եւ այդ բոլորին լուծման համար անհեռանկարայնութիւնը:

Այս բարդութիւնները կրնան ներհամայնքային իրավիճակներ ստեղծել, քաղաքական շահարկումներու դուռ բանալ, նոր ջլատումներու առաջնորդել` տակաւ արծարծելով` շիի համայնքին իրանացումէն դէպի արաբականացում վերադարձի պահանջը:

Իսրայէլի վարչապետը անորոշ յայտարարութիւն կ՛ընէր` ըսելու համար, որ պատերազմը պիտի չդադրի, մինչեւ Իսրայէլի նպատակներու իրականացումը:

Այդ նպատակները Լիբանանի պարագային շատ ընդհանուր առումով կրնան ընկալուիլ` Հըզպալլայի նահանջ, զինաթափում, անվտանգութեան գօտիի ստեղծում, լիբանանեան բանակի վերատեղակայում սահմանին:

Իսրայէլ սակայն չի խօսիր միջազգային ընտանիքի պահանջին եւ 17 կէտերէ բաղկացած 1701-ի մասին: Պարզապէս նշենք, որ 1701-ի նախաբանին մէջ կը նշուին Լիբանանին վերաբերող նախկին բանաձեւերը. 425 (1978), 426 (1978), 520 (1982), 1559 (2004), 1655 (2006), 1680 (2006) եւ 1697 (2006): Ներկայ պայմաններուն մէջ 1701-ը այդ շարքին 8-րդն է: Չմոռնանք նաեւ, որ այս բանաձեւերը կը պատկանին ՄԱԿ-ին, որուն ընդհանուր քարտուղարը անբաղձալի տարր յայտարարուած է Իսրայէլի կողմէ:

Այս բոլորէն ետք պահ մը ընդունինք, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին յայտարարութիւնը պաշտօնական Ուաշինկթընի դիրքորոշումն է: Անոր համաձայն, տեւական հանդարտութեան միակ ուղին դիւանագիտութիւնն է: Այդ պարագային տարակուսելի կը մնան երկու կարելիութիւնները: Առաջինը այն, որ Ուաշինկթըն չի յաջողիր տարհամոզել Թել Աւիւը, իսկ երկրորդը` յայտարարուածն ու իրողութիւնը հեռու են իրարմէ: Կը թուի, որ երկրորդը աւելի հաւանական է:

 

«Ա.»