image

Ահազանգ Լիբանանի մէջ. Իւրաքանչիւր 3 օր անձնասպանութիւն մը կը կատարուի

Ահազանգ Լիբանանի մէջ. Իւրաքանչիւր 3 օր անձնասպանութիւն մը կը կատարուի

Քաղաքացիական հասարկութեան կարգ մը միաւորումներ վերջերս Լիբանանի մէջ հիմնած են Embrace LifeLine անունը կրող «Թէժ գիծ»ի դրութիւնը, որուն պարտականութիւնն է օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք մտադիր են անձնասպանութեան դիմելու: Այս մասին կը գրէ կայքը հաղորդելով նաեւ, որ մասնաւորապէս վերջին շրջանին մեծ տոկոս սկսած է կազմել անձնասպանութեան փորձ կատարողներու թիւը: 

Աղբիւրը կը նշէ, որ հակառակ քաղաքացիական կազմակերպութեանց երեւելի ճիգերուն Լիբանանի մէջ երեք օրը մէկ մէկ անձ անձնասպանութիւն կը գործէ: Ըստ վերջին տուեալներուն ամէնէն շատ անձնասպանութիւն կատարելու փափաք յայտնած են միջնակարգ դասարանի 7, 8, եւ 9-րդ կարգի աշակերտները:

 

Կը հաղորդուի նաեւ, որ նոր հիմնադրուած «Թէժ գիծ»ը, որուն հովանաւոր կը համարուի Ներքին Գործոց եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները յոյս յայտնած է, որ այդ միջոցով եւ շնորհիւ արհեստավարժ հոգեաբաններու կարելի պիտի ըլլայ նուազեցնել երկրին մէջ վտանգաւոր տարողութեան հասնող անձնասպանական արարքները: