Օրերս ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցած է ԱՀԱԸ-ի (AMMA Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական ընկերակցութիւն) ամենամեայ կարեւորագոյն հաւաք-ժողովը (թիւով ՝ 104-րդ) ։
Ի մասնաւորի կրթական հարցերու յատկացուած այս ժողովին մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՀԱԸ-ի պաշտօնական կայքէն։
Կայքին մէջ տեղ գտած լրատւութիւնը անգլերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
Եդուարդ Աւետիսեան յետ մահու մեծարուած է որպէս Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի բարերար Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ գործադիր թեւը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ), 20-22 հոկտեմբերին ունեցած է իր 104-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը Սան Ֆրանսիսքոյի Cavalry Armenian Congregational Church (CACC) եկեղեցւոյ մէջ: Ժողովին զուգահեռ գլխաւոր իրադարձութիւնը եղած է պաշտօնական ընթրիքը, որ տեղի ունեցած է շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի Airport Marriott պանդոկին մէջ, Պըրլինկամ, կարգախօս ունենալով Դանիէլ Վարուժանի «Լոյս» բանաստեղծութենէն «Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին» լուսաւորող բնաբանը։
Ընթրիքի բացումը կատարած են միջոցառման յանձնախումբի համանախագահներ Վանա Խանճեան Վարդանեան եւ Ռուշիկ Քալեպճեան, որոնք ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթած են ներկաներուն: Ապա տեղական հեռատեսիլի լրատուական հաղորդավար Կասիա Միքայէլեան ողջունած է ներկաները:
Իրենց կարգին խօսք առած են CACC եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Կալվին Սաղէրեան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Ընթրիքի ընթացքին բացի համեղ ուտեստներէն հիւրերը վայելած են նաեւ «Ալեքսանտրիա» գինեգործարանի հայկական գինիները:
Ապա գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցած են թենոր Պերճ Քարազեան եւ սոփրանօ Արմինէ Վարդանեան դաշնամուրի նուագակցութեամբ՝ Հռիփսիմէ Ռշտունիիի: Հնչած են հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք ցուցադրուած է ազդեցիկ տեսաերիզ նուիրուած Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի բարերար՝ հանգուցեալ Եդուարդ Աւետիսեանի յիշատակին: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին բարեգործական գործունէութիւն ունեցած է ուղղուած կրթութեան, ինչպէս՝ աջակցութիւն Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, Ռոտ Այլընտի համալսարանին, Ռոտ Այլընտ քոլեճին, Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ազգային Միութեան եւ ամենանշանակալից օժանդակութիւնը Պոսթըն համալսարանի բժշկական դպրոցին:
Հանգուցեալ Եդուարդ Աւետիսեանի այրին՝ Փամելա Ուուտ Աւետիսեան հրաւիրուած է բեմ պարգեւատրուելու ԱՀԱԸ-ի նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարաքճեանի եւ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի կողմէ: Անոնք իրենց խօսքերով վեր հանած են Փամելա Ուուտ Աւետիսեանը, որ իր ամուսնոյն կողքին եղած է եւ ինքն ալ միշտ բարեգործութիւններ կատարած, նաեւ նշած են անոր վերջերս կատարած 1 միլիոն տոլար նուիրատուութիւնը: Փամելա Ուուտ Աւետիսեան իր յուզիչ խօսքին մէջ նշած է, թէ որքան շնորհակալ է, որ իր կեանքը անցուցած է տաղանդաւոր եւ առատաձեռն ամուսնոյն հետ:
ԱՀԱԸ-ի Գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան շնորհակալութիւն յայտնած է այլ նուիրատուներու, ինչպէս՝ Մերի Պետոյեանին, որ իր հանգուցեալ եղբօր՝ Հարրիի կարողութենէն 1 միլիոն տոլար նուէր տուած է ի աջակցութիւն Արցախի:
Այնուհետեւ անդրադարձ եղած է Հայ Աւետարանական ղեկավարութեան երկարամեայ պատմութեան, եւ կրթութեան միջոցով ապագայ սերունդները հզօրացնելու անոր գործունէութեան: ԱՀԱԸ դաշտային ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան տեսաերիզով ներկայացուցած է տարիներու ընթացքին հիմնադրուած բազմաթիւ դպրոցներ եւ ֆինանսաւորուուղ ծրագիրներ, որոնք առաջացած են այն համոզումէն, թէ «հաւատքն ու կրթութիւնն անբաժանելի են»:
Ապա Տիար Խանճեան բեմ հրաւիրած է Աւետիսեան դպրոցի տնօրէն Մելանեայ Գեղամեան եւ ամուսինը՝ Անդրանիկ Մարտոյեան: Ան գնահատելով վերջիններուս աշխատանքը յուշանուէր փոխանցած է: Ամուսինները իրենց սրտի խօսքով ու գնահատանքով ելոյթ ունեցած են:
Երեկոյի անակնկալն էր, ԱՀԱԸ-ի կողմէ կատարուած 60000 տոլարի նուիրատուութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի Տէյվիտսըն լերան Խաչ-յուշակոթողին, որ գնուած է Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի կողմէ 1997-ին, որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան:
Ապա պր. Խանճեան իր ելոյթով նախ շնորհակալութիւն յայտնած է ճաշկերոյթը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներէն իւրաքանչիւրին, նաեւ ԱՀԱԸ-ի Փարամուսի, Կլէնտէլի, Երեւանի եւ Արցախի աշխատակիցներուն անոնց ժրաջանութեան համար։ Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն, որոնք եկած են հեռու տեղերէ եւ բերած «սիրոյ, հոգատարութեան եւ ուշադրութեան անսահման ոգի» աջակցելով ԱՀԱԸ-ի առաքելութեան:
Ան ընդգծած է թէ այսօր հայ համայնքը զգաստեցուցիչ պայմաններ կը դիմակայէ սկսեալ Արցախի սրտաճմլիկ կորուստէն, որ «ազգային ամէնէն սարսափելի ողբերգութիւնն էր Ցեղասպանութենէն ի վեր», մինչեւ հայրենիք ներխուժելու սպառնալիքները: Ան հաստատած է, որ վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի ճակատագիրը միայն հայերու ձեռքն է:
Անշուշտ յուսահատական ուղերձ մը չէր պր. Խանճեանի ըսածը: Իրականութեան մէջ ան խրախուսած է, որ դրական ուժ ստանալով Աստծոյ հաւատքէն, պէտք է խթանել ապագային սպասուող աշխատանքները՝ կրթական, հոգեւոր, մարդասիրական եւ երիտասարդական ծրագիրներու պահպանման ուղղութեամբ եւ հոգ տանիլ վերջերս տեղահանուած արցախցիներուն:
Հակառակ բոլոր չարիքներուն, ԱՀԱԸ հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ տարածել Խօսքը եւ արտացոլէ Անոր սէրը, բարութիւնը եւ յոյսը շուրջբոլոր: Մեր զէնքերն են մեր հաւատքը, սէրը, ծառայութիւնը եւ գրիչը: Մենք կառուցելու, կրթելու, լուսաւորելու եւ Տիրոջ Խօսքը տարածելու մէջ լաւ ենք: Աստուած կոչ ըրած է ԱՀԱԸ-ին կրելու մեր ժողովուրդի լուծը եւ ստանձնելու ծառայութեան խոնարհ դերը: Այս է մեր պարտաւորութիւնը, այս է մեր խոստումը, այս է մեր մշակոյթը, այս է մեր առաքելութիւնը, այս է մեր հաւատքը եւ այս է մեր աղօթքը:
Աւարտին, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. Վահան Թութիկեան կատարած է փակման աղօթքն ու օրհնութիւնը, որուն յաջորդած է բոլորին կողմէ «Փառք եւ Պատիւ»-ի երգեցողութիւնը:
«Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ. Գասպարեան