Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը յուլիս 2-ին հրաման արձակած է՝ կիրառելու երկրի խորհրդարանի ընդունած օրէնքը Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութեան կասեցման վերաբերեալ։
Այս մասին յայտնած է Tasnim լրատուական գործակալութիւնը։
Նախագահը պաշտօնական նամակով տեղեկացուցած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդին Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը կասեցնելու վերաբերեալ խորհրդարանական հրահանգն իրականացնելու մասին։
Աւելի վաղ՝ յունիս 25-ին, Իրանի խորհրդարանը (մեճլիս) հաստատած է օրինագիծ, որով կասեցուած է Թեհրանի եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան համագործակցութիւնը։
Նշուած է, որ Իրանի խորհրդարանը հաստատած է այս օրինագիծը՝ մեղադրելով Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսին Իրանի դէմ կողմնակալ զեկոյց հրապարակելու համար, որ «լիովին կը հակասէր Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ իրականութեան՝ այդպիսով ճանապարհ հարթելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ սիոնիստա-ամերիկեան յարձակման համար»։
Խորհրդարանական օրինագիծն անմիջապէս վաւերացուած է Սահմանադրական խորհուրդի կողմէ։
Խորհրդարանի որոշման համաձայն՝ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տեսուչներուն թոյլ պիտի չտրուի մուտք գործել Իրան, եթէ չերաշխաւորուի երկրի միջուկային կառոյցներու եւ խաղաղ միջուկային գործունեութեան անվտանգութիւնը, որ պէտք է հաստատուի Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի կողմէ։