image

«Խօսակցութիւնը բովանդակալից էր».Փեսքով անդրադարձած է Փութին-Մաքրոն զրոյցին 

«Խօսակցութիւնը բովանդակալից էր».Փեսքով անդրադարձած է Փութին-Մաքրոն զրոյցին 

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հեռախօսազրոյցը բաւականին բովանդակային եղած է։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։

«Կատարուած է կարծիքներու մանրամասն փոխանակում։ Այն լաւ առիթ եղաւ կողմերու դիրքորոշումները իրարու փոխանցելու համար», — ըսած է Փեսքով։

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակը նաեւ յայտնած է, որ զրոյցը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ։

«Նախաձեռնութիւնը ֆրանսական կողմինն էր։ Բայց ծանօթ էք, որ նախագահ Փութին բազմաթիւ անգամներ արտայայտած է երկխօսութիւն վարելու պատրաստակամութիւնը»,- աւելցուցած է Տմիթրի Փեսքով։