Եէմէն- Ահաբեկիչ զինեալներ այսօր ականահարած են Կաթոլիկներու պատկանող եկեղեցի մը Ատէնի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Նաշրա» կայքը: Նշենք, որ ականահարումի հետեւանքով եկեղեցիի երդիքը ամբողջութեամբ փուլ եկած է: Եկեղեցին կը գտնուի Մահլա քաղաքի Հաֆուն շրջանին մէջ: Պայթումին հետեւանքով մարդկային կորուստներ չկան: