image

Պաղտատի հայ մանուկները ուշադրութեան կեդրոն. Տեղի ունեցած է արուեստի հաւաք

Պաղտատի հայ մանուկները ուշադրութեան կեդրոն. Տեղի ունեցած է արուեստի հաւաք

Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  (ՀԲԸՄ)  Իրաքի եւ Պաղտատի մասնաճիւղը յատկապէս կարեւոր միջոցներ ի գործ կը դնէ  ուշադրութիւն դարձնելու համար տեղի  նորահաս սերունդին։

Այդ առումով ալ եւ «Արեւելք»ին հասած լրատւութեամբ օրերս տեղի ունեցած է արուեստի հաւաք, մասնկացութեամբ տասնեակ երեխաներու եւ անոնց ծնողներուն։

Ստորեւ այդ մասին կատարուած լրատւութիւնը։

Իրաքի Հ.Բ.Ը.միութեան Գեղարուեստական Յանձնախումբը

Սայաթ Նովա Երաժշտութեան եւ Պարի  խումբի անդամներու հետ

կազմակերպեց Գեղարուեստական  այց մը դէպի «Պէյթ Պարպար արուեստի համար» կեդրոն, ուր մասնակիցները բացահայտեցին իրենց երևակայութիւնը՝ որմնանկարներ նկարելով, խեցեղենն ու ներկելով գույներով, որոնք կ՚արտացոլէին  անոնց պայծառ մանկութեան յիշողութիւնները։

Մայրերը միացան իրենց երեխաներուն այս եզակի ստեղծագործական փորձառութեան մեջ՝ առաջարկելով աջակցութիւն եւ խրախուսանք գոյներու նտրութեան հարցում՝ պահը վերածելով վառ և հոյս ներշնչող իրական պատկերի։

Արդիւնքը շլացուցիչ գոյներ եւ պայծառ գեղարուեստական ոգի էր, որ ժպիտներ բերաւ բոլորի դէմքերին։

Թող մեր Փոքրիկ նկարիչները շարունակեն փայլել և ստեղծագործել։