image

Աֆղանստանը եւ Փաքիստանը յայտարարած են խաղաղ բանակցութիւններու մասին

Աֆղանստանը եւ Փաքիստանը յայտարարած են խաղաղ բանակցութիւններու մասին

Թալիպներու պաշտօնական ներկայացուցիչ Զապիհուլլա Մուճահիտը X-ի ցանցի իր էջով յայտարարած է, որ հոկտեմբեր 18-ին, Տոհայի մէջ պիտի կայանայ Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի պատուիրակութիւններու հանդիպումը:

Այս մասին հաղորդած է gazeta.ru-ն։

«Իսլամական էմիրութեան (Աֆղանստան) բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը պաշտպանութեան նախարար Մոհամմատ Եաքուպի գլխաւորութեամբ մեկնած է Տոհա»,-յայտնած է Մուճահիտը:

Միեւնոյն ժամանակ, թալիպներու ներկայացուցիչը Փաքիստանի զինուած ուժերը մեղադրած է հոկտեմբեր 18-ի գիշերը խաղաղ բնակիչներու վրայ յարձակման մէջ:

Մուճահիտի խօսքով՝ այս «սադրիչ» գործողութիւններէն անկախ, Աֆղանստանը ձեռնպահ մնացած է պատասխան գործողութիւններէ՝ «իր բանակցային խումբի արժանապատւութիւնն ու ամբողջականութիւնը պահպանելու համար»։